Պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի կողմէ նշանակուած երկու կոլը (9-րդ եւ 41-րդ վայրկեաններուն), անոր ակումբին` Պարսելոնային ապահովեց կիսաւարտականի տոմս մը, Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած քառորդ աւարտականի դարձի մրցումին, որ կ՛իյնայ Սպանիոյ ֆութպոլի, թագաւորի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ երթին «Նու Քամփ»-ի մէջ, 1-0 արդիւնքով պարտուած էր, դարձին եւս իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ 3-2 արդիւնքով:
Ասկէ բացի, անիկա մրցումը աւարտեց 9 մարզիկով, երբ Կապի եւ Մարիօ Սուարեզ յաջորդաբար 46-րդ եւ 84-րդ վայրկեաններուն կարմիր քարտ ստացան:
Նշենք, որ Աթլեթիքօ Մատրիտի թուրք մարզիկ` Արտա Թուրան, բաւական տգեղ կեցուածք ցուցաբերեց, երբ իր ոտքէն ելած մարզական կօշիկը վայրագաբար նետեց կողմի իրաւարարին վրայ:
Այդ մէկուն ի տես, կեդրոնի իրաւարարը անոր ցոյց տուաւ դեղին քարտ մը, մինչ ան արժանի էր կարմիր քարտի: