Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան կիսաւարտականին իրարու դէմ ճակատող խումբերուն անունները:
Վիարէալ, որ երթին իր արձանագրած յաղթանակին նման դարձեալ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Կեթաֆէի, կիսաւարտականին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Պարսելոնան:
Նշենք, որ իր կատարած վերջին 18 մրցումներուն ընթացքին (բոլոր մրցաշարքերուն) Վիարէալ կը մնայ անպարտելի:
Կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումը իրարու դէմ պիտի հանէ Էսփանիոլը եւ Աթլեթիքօ Պիլպաոն: Առաջինը դուրս ձգեց Սեւիլլան, իսկ երկրորդը` Մալական: