Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը կրնայ դադրեցնել երկրին ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, կը յայտնէ «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը:
Ֆետերասիոնը իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ, որ պետութիւնը միջամուխ կ՛ըլլայ ակումբներուն գործերուն եւ կրճատած է մանկապատանեկան ֆութպոլի ֆինանսաւորումը:
Ներկայ դրութեամբ «Լա լիկա»-ի 38 հանգրուանէն` 20-ը խաղցուած են: Շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենան 21-րդ հանգրուանի մրցումները: