Սպանական «ԱՍ» օրաթերթին համաձայն, մօտիկ ապագային Ռէալ Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտը պիտի անուանափոխուի:
Քանի մը ամիս առաջ մատրիտեան ակումբին եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութենէն նաւթային ընկերութեան մը միջեւ գոյացած էր համաձայնութիւն, որուն համաձայն, արքայական ակումբը իր մարզադաշտի անունին իրաւունքը ծախած է արաբական ընկերութեան:
Բաւական երկար քննարկումներէ ետք կողմերը իրարու հետ համաձայնեցան մարզադաշտի նոր անունին շուրջ:
Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, որոշուեցաւ մարզադաշտը անուանել «Ապու Տապի Պեռնապէօ»:
Այդ անուանափոխումին համար Ռէալ Մատրիտ տարեկան պիտի ստանայ 20 միլիոն եւրօ: