Մարզական

Յստակացան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի Աւարտական Մրցումներուն Իրաւարարները

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ան որոշեց անունները այն իրաւարարներուն, որոնք պիտի ըլլան «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն աւարտական մրցումներուն իրաւարարները: 27 մայիսին տեղի ունենալիք Սեւիլլա - Տնեփրօ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ անգլիացի Մարթին Աթքինսոն: Ինչ կը վերաբերի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Եուվենթուս - Պարսելոնա աւարտական մրցումին, անոր կեդրոնի իրաւարարը...

Պաքու-2015. Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբիշներու Կազմը Կը Յստականայ Հինգշաբթի, 21 Մայիսին

Նախապէս յայտարարուած էր, որ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերուն մեկնելու պատրաստուող Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականին կազմը պիտի յայտարարուի չորեքշաբթի, 20 մայիսին: Ազատ ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Պաղտատեան wrestling.am-ին յայտնեց, որ խաղերուն մասնակցող ազատ ոճի մարզիկներուն անունը պիտի յայտարարուի հինգշաբթի, 21 մայիսին: Նշենք, որ նախապէս յայտարարուեցան եւրոպական խաղերուն մասնակցող յունահռոմէական ոճի ըմբիշներուն անունները:

Լիփփի Ա. Սէ. Միլանի Մարզի՞չ

Իտալական մարզական լրատուամիջոցներուն համաձայն, շատ հաւանաբար Ա. Սէ. Միլանի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը վստահուի իտալացի անուանի մասնագէտ, Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Մարչելլօ Լիփփիի: Ինչպէս կը յայտնէ իտալական «Թութթոսփորթ» կայքը, եթէ Սիլվիօ Պերլուսքոնի չինական ընկերութեան ծախէ իր մասնաբաժինը, ապա խումբ մը կը հրաւիրուի Լիփփին: Մասնաբաժինի հաւանական գնողները կ՛ուզեն Լիփփին տեսնել իբրեւ խումբի գլխաւոր մարզիչ: ArmSport.am իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով,...

Նշմար. Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ, Բայց Պայքարը Կը Շարունակուի

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Մարզական աշխարհին մէջ կան ուրախ պահեր եւ երբեմն ալ ոչ հաճելի պահեր` նկատի ունենալով, որ աւարտին երկու խումբ չէ, որ ախոյեան պիտի հանդիսանայ: Շատ յաճախ զօրաւոր խումբ մը կ՛ըլլայ անբախտ, մինչ բախտը կը ժպտի այն խումբին, որ կը մրցէր զօրաւոր խումբին դէմ: Սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ եթէ կան սխալներ, զանոնք պէտք է սրբագրել եւ ոչ թէ...

Հեծելարշաւ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. Մաթթա Եւ Հաժ Տիրացան Թանիոս Միրի Անուան Մրցումին Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու, կիրակի, 17 մայիսին, Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի բաժակի մրցաշարքը, որ նուիրուած էր Լիբանանի ֆետերասիոնի մահացած նախկին նախագահ Թանիոս Միրին: Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ այս մրցումով Լիբանանի հեծելարշաւի 2015 տարեշրջանը բացուած յայտարարուեցաւ: Երիտասարդներու եւ կրտսերներու մրցումին մասնակցեցան 13 հեծելանւորդներ, որոնք մաս կը կազմէին 5 միութիւններու: Առաջին դիրքը գրաւեց...

Սամպօ. Զաղրեպի Մէջ Վաչիկ Վարդանեան Հայաստանի 5-րդ Մետալակիրը Դարձաւ

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Զաղրեպի մէջ (Խրուաթիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի Սամպոյի ախոյեանութեան մրցումներուն, 68 քկ դասակարգին մէջ Վաչիկ Վարդանեան արժանացաւ պրոնզ մետալի: Այսպիսով, Հայաստանի սամպոյի հաւաքականը Զաղրեպէն կը վերադառնայ իրեն հետ բերելով 5 մետալ (1 ոսկի, 1 արծաթ եւ 3 պրոնզ): Նշենք, որ Խրուաթիոյ մէջ Հայաստան 52 քկ դասակարգին մէջ ունեցաւ ախոյեան մը` Տիգրան Կիրակոսեան: Էռնեսթ Հայրապետեան...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Պենֆիքա, Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ Եւ Տինամօ Քիեւ Հանդիսացան Ախոյեան

Պենֆիքայի մարզիկները Ինչպէս ծանօթ է, եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները հասած են իրենց աւարտին, երբ տարբեր երկիրներու մէջ կը յստականան (մեծ մասը` յստակացած) ախոյեաններն ու Բ. դասակարգ փոխադրուողները: Պենֆիքա յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ Փորթուգալի ախոյեան, երբ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Վիթորիա Կիմարաէշի հետ: Անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` Փորթօ, իր կարգին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պելենենսեսի հետ: Այս արդիւնքներուն լոյսին տակ,...

Ճատրակ. Մխիթարեան Յաղթանակով Սկսաւ Ամերիկայի Աշխարհամասի Ախոյեանութիւնը

Պրազիլահայ կրանտմասթըր Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան յաղթանակով սկսաւ իր մասնակցութեան` Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեւիտէոյի մէջ տեղի ունեցող Ամերիկայի աշխարհամասի ճատրակի ախոյեանութեան, կը յայտնէ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am: Մրցաշարքին չորս յաղթականները իրաւունք պիտի ստանան մասնակցելու աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 2015-ին` Պաքուի մէջ:  

Ճատրակ. Քարինա Համբարձումովա Հանդիսացաւ Ախոյեան` Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ

Կրանտմասթըր Քարինա Համբարձումովա Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ արագ ճատրակի ախոյեանութեան առաւելագոյն 11 կէտէն 9 կէտ ապահովելով առանձինը նուաճեց առաջին մրցանակը եւ արժանացաւ երկրին ախոյեանութեան տիտղոսին, կը յայտնէ Armchess.am: Համբարձումովա գերազանցեց 35 մրցակիցներ, որոնց շարքին էին միջազգային կոչումներ ունեցող 29 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 8 կրանտմասթըրներ:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պիպլոս – Ռիատի Պէյրութ 4-րդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 4-րդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 19 մայիսին: Մրցումին ընթացքին Պիպլոս իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յետմիջօրէին յայտարարեց, որ այս մրցումը երեկոյեան ժամը 18:00-ին փոխարէն պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:30-ին: Ինչպէս ծանօթ է, Ռիատի Պէյրութ 3-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Ժիպէյլեան խումբը: Հետեւաբար, յաղթանակ...

Եուվենթուս Պիտի Բարձրացնէ Ալլեկրիի Աշխատավարձը

Միջազգային շարք մը լրատու գործակալութիւններուն համաձայն, Եուվենթուսի ղեկավարութիւնը մտադիր է բարձրացնել խումբի գլխաւոր մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի աշխատավարձը, կը յայտնէ ArmSport.am: «Սփորթ Միտիասեթ» կը հաղորդէ, որ ակումբը նաեւ մտադիր է մինչեւ 2018 երկարաձգել անոր պայմանագրութիւնը: Ներկայիս անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2016: Ստորագրուելիք նոր պայմանագիրին համաձայն, Ալլեկրի պիտի ստանայ 3,5 միլիոն եւրօ աշխատավարձ` ներկայի 2 միլիոն եւրոյին փոխարէն:

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Ցարդ Արձանագրած Է 3 Յաղթանակ

ՀՄԸՄ Պէյրութի մարզիկները իրենց մարզիչին հետ Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, ՀՄԸՄ Պէյրութ ցարդ արձանագրած է երեք յաղթանակ` յաջորդաբար Մոն լա Սալի, Ժամհուրի եւ Լիուա խումբերուն դէմ: Խումբը կրած է երկու պարտութիւն` Նատուէ Քամաթիէէն եւ Ժընուպ Թուլէն: Ախոյեանութեան այդ մրցումները տեղի կ՛ունենան Մոն լա Սալի մէջ` Այն Սաատէ: Ինչ կը վերաբերի խումբին մարզիկներուն, անոնք...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Հանդիսացաւ Լիբանանի Աղջկանց Ախոյեան

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 5-րդ եւ վերջին ճակատագրական մրցումը տեղի ունեցաւ երէկ յետմիջօրէին` Մանարայի մէջ: Մրցումին ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Ռիատի Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս: Ինչպէս ծանօթ է, երկու կազմերը արձանագրած էին երկուքական յաղթանակ եւ վերջին մրցումը շատ կարեւոր էր, որովհետեւ անոր արդիւնքով պիտի յստականար Լիբանանի աղջկանց ախոյեանին անունը: ՀՄԸՄ-ի մարզիկները յաջողեցան բաւական լաւ ներկայացում...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ 3-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Պիպլոսը

Ռիատի Պէյրութ - Պիպլոս երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան` Ռիատի Պէյրութի եւ Պիպլոսի միջեւ, Մանարայի դաշտին վրայ, երկարաձգումէն ետք աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով, 88-82 արդիւնքով (15-21, 35-40, 53-55, 77-77 եւ 88-82): Ռիատիի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էլիժահ Հոլմըն (25), ապա` Ֆատի Խաթիպ (22): Իսկ...

Սամպօ. Տիգրան Կիրակոսեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Տիգրան Կիրակոսեան (կեդրոնը) Խրուաթիոյ Զաղրեպ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 2015-ի Սամպոյի ախոյեանութեան մրցումներուն առաջին օրը մրցագորգ դուրս եկան Հայաստանը ներկայացնող 5 մարզիկներ, կը յայտնէ ArmSport.am: Անոնցմէ երեքը արժանացան մետալներու: 52 քկ դասակարգի մրցումներուն Տիգրան Կիրակոսեան իրեն հաւասարը չունենալով հռչակուեցաւ Եւրոպայի Սամպոյի ախոյեան: Իսկ Մաւրիկ Նասիպեան (74 քկ) եւ Էռնեսթ Հայրապետեան (57 քկ) Հայաստանի համար ապահովեցին արծաթ մետալներ:

Կռփամարտ. Հայաստան Տիրացաւ 2 Ոսկի, 1 Արծաթ Եւ 2 Պրոնզ Մետալի

Ռուսիոյ Խապարովսք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին մասնակցած բոլոր հայ կռփամարտիկները Հայաստան պիտի վերադառնան մետալներով, որոնցմէ երկուքը` ոսկի: ArmSport.am հաղորդեց, որ այս մրցաշարքին Հայաստանի հաւաքականը միակն էր, որուն բոլոր կռփամարտիկները բարձրացան փոտիում: Հայաստանի համար ոսկի մետալներ ապահովեցին Գոռ Երիցեան (64 քկ) եւ Աղասի Մեհրապեան (գերծանր կշիռ): Յատկապէս ուրախալի եղաւ գերծանր կշիռի այս նուաճումը` նկատի ունենալով, որ այս դասակարգին...

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ Երեւան Հայաստանի Ախոյեան` 14-րդ Անգամ Ըլլալով

Փիւնիկի մարզիկները Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին: Շաբաթ օրուան մրցումներուն արդիւնքին լոյսին տակ, Փիւնիկ Երեւան` առանց իր մրցումը կատարելու, երէկ արդէն իսկ ախոյեանութեան տիտղոսը նուաճեց` նկատի ունենալով, որ անիկա անհասանելի դարձաւ իր մրցակիցներուն համար: Թէեւ Փիւնիկ 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ նախկին ախոյեանէն, սակայն հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան` 14-րդ անգամն ըլլալով: Ստորեւ` 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները....

Յստակացան Հայաստանի Յունահռոմէական Ոճի Պաքու Մեկնող Ըմբիշներուն Անունները

Ինչպէս ծանօթ է, 12-28 յունիսին Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի պիտի ունենայ եւրոպական առաջին խաղերը: ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը հաղորդեց, որ յունահռոմէական մրցումներուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն հետեւեալ 4 ըմբիշները. Ռոման Ամոյեան (55 քկ), Միհրան Յարութիւնեան (66 քկ), Կարապետ Չալեան (75 քկ) եւ Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ):  

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն` Ֆրանսայի Ախոյեան

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի բոլոր մրցումները տեղի ունեցան շաբաթ, 16 մայիսին, միեւնոյն ժամուն` նկատի ունենալով, որ անոնք կարեւոր էին վերջին եւ վարին դիրքերը գրաւողներուն համար` ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու եւ Բ. դասակարգ չփոխադրուելու համար: Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրն էր Մոնփելիէի, հաւասարութեամբ մըն ալ պիտի բաւարարուէր` տիտղոսին տիրանալու համար: Սակայն մայրաքաղաքի կազմը 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով...

«Լա-Լիկա». Պարսելոնա Ախոյեան 23-րդ Անգամ Ըլլալով

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա-լիկա»-ի 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա, որ չորս կէտի առաւելութիւն մը ունէր Ռէալ Մատրիտի (2-րդ) վրայ, ախոյեան հանդիսանալու համար յաղթանակի մը պէտք ունէր, այլապէս տիտղոսին տիրանալու հարցը պիտի վճռուէր վերջին հանգրուանին: Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ Պարսելոնա` շնորհիւ Լիոնել Մեսսիի նշանակած կոլին (65-րդ), 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Աթլեթիքօ Մատրիտի դաշտին վրայ եւ...

Page 1228 of 1275 1 … 1,227 1,228 1,229 … 1,275

Արխիւներ