Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու, կիրակի, 17 մայիսին, Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի բաժակի մրցաշարքը, որ նուիրուած էր Լիբանանի ֆետերասիոնի մահացած նախկին նախագահ Թանիոս Միրին:
Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ այս մրցումով Լիբանանի հեծելարշաւի 2015 տարեշրջանը բացուած յայտարարուեցաւ:
Երիտասարդներու եւ կրտսերներու մրցումին մասնակցեցան 13 հեծելանւորդներ, որոնք մաս կը կազմէին 5 միութիւններու:
Առաջին դիրքը գրաւեց Աթլեթիքօ Պէյրութի մաս կազմող Մըքարրամ Մաթթա (1998-ի ծնունդ), որ 58,8 քմ երկարութիւն ունեցող այս մրցումին (12 լեփ) արձանագրեց 1 ժամ 39′ 49″ արդիւնք մը:
Նախքան գլխաւոր մրցումին սկսիլը, աղջկանց դասակարգի հեծելանւորդներուն եւ անդամալոյծներու կողմէ տեղի ունեցաւ ցուցադրական մրցում մը, (15 քմ), որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:
5 միութիւններու 15 հեծելանւորդներ մասնակցեցան 18 լեփնոց այս մրցումին, որուն ընդհանուր երկարութիւնն էր 88,2 քմ:
Անոր տիրապետեցին Աթլեթիքօ Պէյրութի մարզիկները, որոնք գրաւեցին առաջին երեք դիրքերը:
Առաջին դիրքը գրաւեց Զահեր Հաժ, որ արձանագրեց 2 ժամ 26′ 47″ արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ձեռամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեանի եւ ֆետերասիոնին անդամներուն, ինչպէս նաեւ ողբացեալ նախկին նախագահին այրիին` Նատին Եունես-Միրի:
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ 2005-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով այս տարի տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը (1997-1998-ի ծնունդ):