Մարզական

Լեւերքուզըն Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Մարզիչ Շմիթի Հետ

Երէկ, պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Պայէր Լեւերքուզըն ակումբը յայտարարեց, որ երեք տարիով` մինչեւ 2019, երկարաձգեց իր մարզիչին` Ռոճըր Շմիթի պայմանագրութիւնը: Հակառակ անոր որ Պայէր Լեւերքուզըն ուղղակիօրէն «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցելու համար տոմս մը չկրցաւ ապահովել, սակայն ապրիլ 2014-ին իր այս պաշտօնը ստանձնած 48 տարեկան մարզիչը յաջողեցաւ արձանագրել բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ եւ ամէնէն կարեւորը` սիրաշահիլ խումբին համակիրները:  

Իտալական Ֆութպոլ. Եուվենթուս Տուպլէ Մը Իրագործեց

Շուրջ 2 շաբաթ առաջ Իտալիոյ ախոյեան հանդիսացած Եուվենթուս տիրացաւ այս տարեշրջանի իր երկրորդ տիտղոսին, երբ բարձրացուց Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին տիտղոսը` աւարտականի մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթելով Լացիօ Ռոմային: Եուվենթուսի այս տուպլէն իրագործուեցաւ երկարաձգումէն ետք միայն` նկատի ունենալով, որ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով: 60 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան Ճիորճիօ Քիելինի (11-րդ) եւ Ալեսանտրօ Մաթրի (97-րդ) նշանակեցին Եուվէի կոլերը, իսկ Սթեֆան...

Ռէալ Մատրիտ Կը Մասնակցի «Audi»-ի Բաժակի Մրցաշարքին

Իր լուրը քաղելով «Մարքա»-էն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Պայէրն Միւնիխի կազմակերպած «Օտի» ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Ռէալ Մատրիտ: Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 4-5 օգոստոսին` Գերմանիոյ մէջ: Ցարդ բացի վերոնշեալ երկու ակումբներէն, որոնք հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը, այլ ակումբի մասին չի խօսուիր: «Օտի» բաժակի մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 2009-էն ի վեր, երկու տարին անգամ մը` փլէյ-օֆի դրութեամբ:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ): Մրցումին ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Շեպիպեթ Շիահ: ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ այս մրցումին դաշտ ներկայացաւ առանց իր հիմնական մարզիկներուն, 65-37 արդիւնքով (կիսախաղ 37-26` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի) յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց աւարտական մրցումին իր տոմսը: Այս մրցումը լաւագոյն առիթը եղաւ ՀՄԸՄ-ի...

Մեսրոպեանի Աշակերտ Նանօր Արնէլեան`  Լիբանանի Ճատրակի Աղջկանց Ախոյեան.  Ճիօ Եւ Կի Գալուստ` Պրոնզէ Մետալակիրներ

Մեսրոպեանի Աշակերտ Նանօր Արնէլեան` Լիբանանի Ճատրակի Աղջկանց Ախոյեան. Ճիօ Եւ Կի Գալուստ` Պրոնզէ Մետալակիրներ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներ Նանօր Արնէլեան, Ճիօ Գալուստ եւ Կի Գալուստ պատուաբեր տիտղոսներով վերադարձան Լիբանանի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան խաղերէն, որոնք երկարեցան ամբողջ չորս օրերու վրայ` 9-10 եւ 16-17 մայիս 2015-ին: Մեսրոպեանական մասնակիցներէն ամէնէն բարձր ցուցանիշը հաստատեց Նանօր Արնէլեան: Առաւելագոյնը 6 կէտերէն 5.5 կէտ շահելով` Նանօր արձանագրեց բոլորին կողմէ սպասուած յաջողութիւնը եւ տիրացաւ Լիբանանի աղջկանց ճատրակի ախոյեանի տիտղոսին: Ճիօ...

Ճատրակ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն. 8 Հայեր Տիրացան Տարբեր Տեսակի Մետալներու

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կազմակերպած Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութեան մրցումները իրենց աւարտին հասան նախորդ շաբաթավերջին` Ժամհուրի մէջ: Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը սկիզբ առաւ 9 մայիսին` Ֆըրն Շըպպեքի վարժարանին մէջ: Տղոց ախոյեանութեան, 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ որեւէ հայ ախոյեան չհանդիսացաւ: Երեք հայեր` Կի Գալուստ (8 տարեկանէն վար), Հրակ Լախեան (12 տարեկանէն վար) եւ Ճիօ Գալուստ...

Աթլեթիզմ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութեան Մասնակցողներուն Ուշադրութեան

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ վեց օրերու վրայ (20-25 մայիս) տեղի պիտի ունենան Լիբանանի աթլեթիզմի տարիքային ախոյեանութեան երկսեռ մրցումները` Ժամհուր վարժարանին եւ լիբանանեան համալսարանին (Հատաս) մէջ: Տեղի պիտի ունենան հետեւեալ դասակարգերու մրցումները. 18-19, 16-17, 14-15, 12-13 եւ 10-11 տարեկան: Ֆետերասիոնը եկաւ յիշեցնելու, որ իւրաքանչիւր ակումբէ միայն երկու մարզիկներ կրնան մասնակցիլ իւրաքանչիւր մրցումի: Նշուեցաւ նաեւ այլ կէտ մըն ալ,...

Ճատրակ. Դաւիթ Շահինեան Ամբողջացուց Միջազգային Վարպետի Չափանիշը

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ վանաձորցի 21 տարեկան ճատրակ խաղացող Դաւիթ Շահինեան Իրանի Սովմեսարա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին ամբողջացուց միջազգային վարպետի չափանիշը: Ասիկա Շահինեանի 3-րդ յաջողութիւնն է: Ան 2012-ի Մոսկուայի Օփընին այդ չափանիշը ամբողջացուցած էր, իսկ 2015-ին` Հայաստանի բարձրագոյն խումբի ախոյեանութեան:

Միշել Փլաթինի Այսօր Կ՛այցելէ Հայաստան

Երէկ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ այսօր` հինգշաբթի, 21 մայիսին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինի միօրեայ ոչ պաշտօնական այցելութեամբ պիտի հասնի Հայաստան: Երեւանի մէջ Միշել Փլաթինի պիտի հանդիպի իր գործընկերոջ` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանին, պիտի այցելէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, պիտի ըլլայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնին` Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, իսկ երեկոյեան ընթրիքի հիւրը պիտի...

Եուրօ-2016.  Մանուչարեան Պիտի Չմասնակցի Փորթուգալի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Եուրօ-2016. Մանուչարեան Պիտի Չմասնակցի Փորթուգալի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ուրալ Եգաթերինպուրկի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը չի կրնար դաշտ ներկայանալ: Մանուչարեան յայտարարեց, որ ակումբին բժիշկին վկայութեամբ կրնայ փորձերու սկսիլ միայն մէկ ամիս ետք: Ասիկա կը նշանակէ, որ ան ոչ միայն իր ակումբին կատարելիք վերջին երկու մրցումներուն պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, այլ նաեւ պիտի չմասնակցի Փորթուգալի դէմ տեղի ունենալիք Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի...

Եուրօ-2016. Փորթուգալի Նախապատրաստութիւնը Հայաստանի Դէմ` Թիֆլիսի Մէջ

Իր լուրը քաղելով վրացական կայքէ մը` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբը Հայաստանի ազգային հաւաքականին դէմ իր նախապատրաստութիւնները պիտի տեսնէ Թիֆլիսի մէջ: Հայաստան - Փորթուգալ այս մրցումը, որ կ՛իյնայ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ 13 յունիսին: Փորթուգալի ազգային խումբը Թիֆլիս պիտի մնայ 4 օր եւ պիտի մարզուի Մեսխիի անուան մարզադաշտին...

Ֆութսալ. Վաղը` Ընկերութիւններու Աւարտականի Մրցումը

Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, վաղը իր աւարտին կը հասնի լիբանանեան ընկերութիւններու ֆութսալի մրցաշարքը, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` «Աուտէ» դրամատան եւ «Ազատէա կրուփ» ընկերութեան միջեւ: Աւարտական այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ` Տըքուանէ - Մար Ռուքոզ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շեպիպէ Շիահ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 20 մայիսին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը պիտի ճակատի Շեպիպէ Շիահի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի այսօր ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց խումբը` ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրելու առաջնահերթ նպատակը ունենալով:

Փինկ Փոնկ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջիկները Արձանագրեցին 2 Յաղթանակ

Ձախէն աջ` Լարա Քեչեպաշեան, Դուին Մումջողլեան եւ Նենսի Մումջողլեան Երէկ` երեքշաբթի, 19 մայիսին, Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան խմբային մրցումները, երբ անոր մասնակցող խումբերը կատարեցին երկուքական մրցում: Ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ իր կարգին կատարեց երկու մրցում, արձանագրեց 2 յաղթանակ` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Մոն Լա Սալը (3-0) եւ Թատամոն...

Հայ Կռփամարտիկներուն Ելոյթները` Եւրոպայի Ախոյեանութեան Մրցումներուն

Լվովի մէջ (Ուքրանիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի պատանիներու կռփամարտի ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստանը կը ներկայացնեն 5 կռփամարտիկներ: Իր լուրը քաղելով Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ այդ հինգ մարզիկներն են` Արման Գալստեան (46 քկ), Արթուր Բազէեան (52 քկ), Արման Անտոնեան (57 քկ), Կորիւն Ասթոյեան (60 քկ) եւ Ռոպերթ Պետրոսեան (66 քկ): Իսկ Հայաստանի հաւաքականին մարզիչներն են` Արման Յարութիւնեան եւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Պարտուեցաւ Ժիպէյլի Մէջ

Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 4-րդ ճակատումը` Պիպլոսի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ, երէկ գիշեր աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Պիպլոսի յաղթանակով, որ 83-73 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին, Ժիպէյլի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին: Ռիատի, որ նախորդ երեք մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, չկրցաւ արդիւնքը վերածել 4-0-ի, եւ այսպիսով երկու կազմերուն միջեւ ճակատումը գնաց դէպի 5-րդ մրցում: Պէտք...

Փինկ Փոնկ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Տղաքը Արձանագրեցին Երկու Յաղթանակ

Ինչպէս ծանօթ է, Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը իր կատարած վերջին երկու մրցումներուն արձանագրեց երկու յաղթանակ` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիման (3-0) եւ Լիբանանեան բանակի հաւաքականը (3-2): Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը այս ախոյեանութեան կ՛արձանագրեն բաւական...

Գէորգ Ղազարեան Շատ Հաւանաբար Իր Ասպարէզը Շարունակէ Ռուսիոյ Մէջ

Ըստ ռուսական մամուլին, յունական Օլիմփիաքոսի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան մօտ է Ռուսիա տեղափոխուելու, ուր պիտի միանայ տեղւոյն կազմերէն մէկուն: 27 տարեկան ֆութպոլիստին գործակալը բանակացութիւններ կը վարէ ռուսական եւ ղազախական ակումբներու հետ: Յունուար 2015-ին Ղազարեան փոխ տրուեցաւ յունական Քերքիրայի: Ան ընթացիկ ախոյեանութեան շրջագիծին մէջ իր կատարած 29 մրցումին ընթացքին նշանակեց 2 կոլ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Աւարտական Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական մրցումներուն յայտագիրը: Նշենք, որ թէեւ երկու խումբերն ալ ապահոված են Ա. դասակարգի իրենց տոմսերը, սակայն հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Բ. դասակարգի 2014-2015 տարեշրջանի ախոյեան: Ստորեւ` յայտագիրը. ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 21 ՄԱՅԻՍ ԺԱՄ    ԴԱՇՏ Լուէյզի - Անդրանիկ 19:00 «Սանթրալ» ՇԱԲԱԹ, 23 ՄԱՅԻՍ Անդրանիկ - Լուէյզի 17:00 «Տեմիրճեան»...

Իտալիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Այսօր` Եուվենթուս – Լացիօ Ռոմա Աւարտական Մրցումը

Եուվենթուսի մարզիկները Վերջին անգամ 20 տարի առաջ (1995-ին) Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած Եուվենթուս, այսօր` չորեքշաբթի, 20 մայիսին, լաւագոյն առիթը ունի այդ տիտղոսը վերստին ապահովելու, երբ աւարտական մրցումին ճակատի Լացիօ Ռոմայի դէմ: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Իտալիոյ ախոյեան հանդիսացած Եուվենթուսի մարզիկները այս տարեշրջանին լաւագոյն առիթը ունին հեթրիք մը իրագործելու, որովհետեւ ապահոված են նաեւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի...

Page 1227 of 1275 1 … 1,226 1,227 1,228 … 1,275

Արխիւներ