
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 5-րդ եւ վերջին ճակատագրական մրցումը տեղի ունեցաւ երէկ յետմիջօրէին` Մանարայի մէջ: Մրցումին ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Ռիատի Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս:
Ինչպէս ծանօթ է, երկու կազմերը արձանագրած էին երկուքական յաղթանակ եւ վերջին մրցումը շատ կարեւոր էր, որովհետեւ անոր արդիւնքով պիտի յստականար Լիբանանի աղջկանց ախոյեանին անունը:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները յաջողեցան բաւական լաւ ներկայացում ունենալ` քան իրենց մրցակիցը, եւ քանի մը առիթներով յառաջ անցնիլ:
Մրցումին աւարտէն 5 վայրկեան առաջ, ՀՄԸՄ վեց կէտով կը գերազանցէր դաշտին տէրը` Ռիատին:
Սակայն վերջին 5 վայրկեանին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները եղան անբախտ եւ ոչ մէկ կէտ յաջողեցան նշանակել, մինչ Ռիատիի մարզիկները, որոնք 6 կէտով ուշացած էին (46-40), վերջին 5 վայրկեանին նշանակեցին 13 կէտ եւ կրցան տանիլ վերջնական յաղթանակը` 53-46 արդիւնքով (8-12, 23-21, 31-36 եւ 53-46):
ՀՄԸՄ Անթիլիաս գերսքանչելի խաղարկութիւն մը ցոյց տուաւ, սակայն դժբախտաբար ճակատագիրը այս մրցումին եղաւ ՀՄԸՄ-ի դէմ:
Յամենայն դէպս, տարեշրջանը աւարտած չէ ՀՄԸՄ-Անթիլիասի համար, որովհետեւ տակաւին բաժակի մրցաշարքը կայ եւ խումբը կրնայ տիտղոս մը ապահովել:
Շնորհաւորելի եւ քաջալերելի են ախոյեանութեան գծով խումբին կատարած բարձր մակարդակի խաղարկութիւնը եւ ցուցաբերած ներկայացումը:
Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց նշանակած կէտերը եւ դաշտ ներկայացած ժամանակը).
Լուպնա Ապտալլա (29′ 13″, 2 կէտ, 8 ռիպաունտ), Նաթալի Իթանի (00′ 18″), Մեղրի Թորոսեան (01′ 08″), Լէյլա Ֆարես (38′ 51″, 9 կէտ, 10 ռիպաունտ), Քրիսթին Մուֆարրեժ (7′ 24″, 2 ռիպաունտ), Մեղրի Զաքարեան (3′ 28″, 2 կէտ, 1 ռիպաունտ), Նաթալի Սվաճեան (39′ 41″, 18 կէտ, 1 ռիպաունտ), Սանտրա Նաժըմ (40′ 00″, 4 կէտ, 3 ռիպաունտ), Քաթերին Հաժ (03′ 21″) եւ Այտա Պախոս (36′ 31″, 11 կէտ, 15 ռիպաունտ):
Իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեցին Ռեպեքա Աքըլ եւ Շատա Նասըր (16-ական կէտ):
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապպահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Զիատ Թաննուս: