Մարզական

Հեծելարշաւ. Թանիոս Միրի Անուան Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարքը` 17 Մայիսին

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը հաղորդեց, որ կիրակի, 17 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի հեծելարշաւի բաժակի մրցաշարքը, որ կը կրէ ֆետերասիոնին նախկին մահացած նախագահին` Թանիոս Միրի անունը: Բաժակի այս մրցաշարքը այսպիսով բացման մրցումը պիտի ըլլայ Լիբանանի հեծելարշաւի 2015 տարեշրջանի ախոյեանութեան: Տեղի պիտի ունենան տարբեր դասակարգերու մրցումներ` հետեւեալ ձեւով. 1997-1998-ի ծնունդ տղաք (60 քմ), 1996 եւ վար տղաք (90 քմ), 1998 եւ վար...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Ռիատիին Եւ Հաւասարեցուց Արդիւնքը (2-2)

Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի բաւական տպաւորիչ յաղթանակով, որ 49-44 արդիւնքով (6-10, 19-28, 37-36 եւ 49-44) արդիւնքը հաւասարեցուց 2-2-ի: Ինչպէս յայտնի է, Ռիատի ինք տիրապետեց առաջին երկու քորթըրներուն, մինչ վերջին երկուքին` ՀՄԸՄ Անթիլիաս: Իր արձանագրած...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Պարսելոնա Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն` Տիտղոսին Տիրանալէն Քայլ Մը Հեռու

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Պարսելոնա Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն` Տիտղոսին Տիրանալէն Քայլ Մը Հեռու

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ բաւական կարեւոր մրցումներ ունին կատարելիք տիտղոսին տիրանալ փորձող երկու կազմեր` Պարսելոնա եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն: Երկուքն ալ իրենց կարելին պիտի ընեն այս շաբաթավերջին տիտղոսը ապահովելու համար: Եթէ պատահի, որ Պարսելոնա պարտութիւն կրէ եւ Ռէալ Մատրիտ յաղթէ, ախոյեանին անունը պիտի վճռուի վերջին հանգրուանին: Սակայն եթէ Ռէալ Մատրիտ պարտուի, Պարսելոնա պիտի ապահովէ տիտղոսը:...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէ – Թրիփոլի Աւարտական Մրցումին Ժամը Փոխուեցաւ

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ իր գումարած արտակարգ ժողովին, որուն ներկայ էին բոլոր անդամները, բացի` Ռեմոն Սըմաանէն (ճամբորդած), երեքշաբթի, 19 մայիսին տեղի ունենալիք Նըժմէ - Թրիփոլի Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտական մրցումին ժամը փոփոխութեան ենթարկեց: Ճշդուած նոր ժամուն հիմամբ, այս մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, ապա այժմ անոր ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 16:30-ին, որովհետեւ Սայտայի քաղաքապետարանի...

Այս Տարեշրջանի Աւարտին. Ֆրիտել Պիտի Լքէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս տարեշրջանի աւարտին Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Պրետ Ֆրիտել, պիտի լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 43 տարեկան բերդապահը 17 տարի մաս կազմած է անգլիական ակումբներէն Լիվըրփուլի, Պլեքպըրնի, Ասթոն Վիլայի եւ Թոթենհամի: Անգլիայէն Միացեալ Նահանգներ վերադառնալով` ան պատկերասփիւռի կայանի մը մէջ պիտի աշխատի իբրեւ մրցումներու մեկնաբան:

Նշմար. Կը Պահանջուի Երկու Յաղթանակ Եւ… Ախոյեանութեան Տիտղոսը

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Մարզական աշխարհին մէջ, երբ գնդակը կլոր է, միշտ ալ ակնկալիքներ կան բոլորէն, յաղթանակներ կը պահանջուին խումբերէն` իրենց համակիրներէն: Իւրաքանչիւր խումբ կ՛ունենայ իր վատ եւ լաւ օրերը, շատ յաճախ կ՛ընկրկի, կ՛ունենայ վերիվայրումներ, սակայն ինքզինք վերագտնելով դարձեալ կը յաղթէ իր դէմ գտնուող արգելքներուն եւ կը շրջանցէ բոլոր դժուարութիւնները: Այսօր` ուրբաթ, 15 մայիսին, բաւական կարեւոր եւ ճակատագրական ճակատում մը ունի կատարելիք...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ 4-րդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 15 մայիսին տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Ռիատի Պէյրութ 4-րդ մրցումը: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Ինչ կը վերաբերի 5-րդ եւ վերջին մրցումին, անիկա տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 17 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին,...

Պաքուի Մէջ Տեղի Ունենալիք Եւրոպական Խաղերուն Կը Մասնակցին 3 Հայ Ժիւտօ Խաղացողներ

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերուն ժիւտոյի մարզաձեւին մէջ Հայաստանը պիտի ներկայացնեն 3 մարզիկներ: Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Պապայեան յայտնեց, որ Ազրպէյճանի մէջ Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Յովհաննէս Դաւթեան, Դաւիթ Նիկողոսեան եւ Ժաննա Սթանքեւիչ: Հայաստանի հաւաքականը այժմ Անթալիոյ մէջ կը կատարէ նախապատրաստական հաւաք մը, որ պիտի աւարտի 20 մայիսին: Այլ հաւաք մը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի – Պիպլոս` 85-65

Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` Մանարայի մէջ աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով, որ 85-65 արդիւնքով (19-14, 39-31, 61-44 եւ 85-65) պարտութեան մատնեց Պիպլոսը: Մրցումին եւ Ռիատիի ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Ժերեմիա Մասսէյ (19 կէտ): Անոր խմբակից` Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 16 կէտ: Պիպլոսէն Ռաթքօ Վարտա նշանակեց 14 կէտ,...

Ճատրակ. Դաւիթ Շահինեանի Եւ Տիգրան Յարութիւնեանի Յաջողութիւնը

ՖԻՏԷ-ի վարպետ Դաւիթ Շահինեան եւ միջազգային վարպետ Տիգրան Յարութիւնեան մեծ յաջողութեան հասան Իրանի Սովմեսարա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին: Անոնք առաւելագոյն 9 կէտէն 7-ական կէտ ապահովեցին եւ առաջ անցնելով 41 մրցակիցներէն, որոնց կարգին` 8 կրանտմասթըրներ եւ 12 միջազգային վարպետներ, բաժնեցին առաջին-երկրորդ դիրքերը: Հայ երիտասարդ ճատրակ խաղացողները մէկ միաւորով առաջ անցան իրենց մօտիկ եղող մրցակիցներէն: Լրացուցիչ ցուցանիշներով, Շահինեանին շնորհուեցաւ...

Ա. Սէ. Միլան Եւ Ռոպինիօ Պիտի Խզեն Իրենց Պայմանագրութիւնը

Յառաջապահ Ռոպինիօ եւ Ա. Սէ. Միլան երկկողմանի համաձայնութեամբ իրարու հետ պիտի խզեն իրենց գործող պայմանագրութիւնը, կը հաղորդէ իտալական ակումբին պաշտօնական կայքը: Համաձայնագիրը, որ նախատեսուած է մինչեւ 2016, իր ուժը պիտի կորսնցնէ 1 յուլիս 2015-ին: Ռոպինիօ Միլանի կազմին հետ խաղացած է 2010-2014 տարիներուն` իր ակումբին հետ տիրանալով Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան: Ընթացիկ տարեշրջանին 31 տարեկան պրազիլցին ելոյթ ունեցաւ Սանթոսի հետ, իր լուրը...

Իտալիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Աւարտական Մրցումը Տեղի Պիտի Ունենայ Նախատեսուածէն Առաջ

Ըստ «Ֆութպոլ Իթալիա» կայքին, Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ նախատեսուածէն առաջ` նկատի ունենալով, որ Եուվենթուս ապահովեց «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականի իր տոմսը: Սկզբունքով աւարտականի մրցումը, որ իրարու դէմ պիտի հանէ Եուվենթուսն ու Լացիօ Ռոման, տեղի պիտի ունենար 7 յունիսին: Սակայն նկատի ունենալով, որ 6 յունիսին Եուվենթուս աւարտականի մրցում մը ունի կատարելիք Պարսելոնայի դէմ, Լացիօ Ռոմայի...

Ճատրակ. Ֆապիանօ Քարուանա Լքեց Իտալիան

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ֆապիանօ Քարուանա այսուհետեւ պիտի չներկայացնէ Իտալիոյ ճատրակի ֆետերասիոնը, որովհետեւ ելոյթ պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու կազմէն: Աշխարհի զօրաւորագոյն կրանտմասթըրներէն մէկը` Քարուանա, ծնած է Միացեալ Նահանգներ եւ ունի երկքաղաքացիութիւն: Ան վերջին տասը տարիներուն կը ներկայացնէր Իտալիան: Նշենք, որ ֆիլիփինցի Ուեսլի Սօ նոյնպէս համաձայն գտնուած է ելոյթ ունենալ Միացեալ Նահանգներու հաւաքականին...

Անդրադարձ.  ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլին

Անդրադարձ. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլին

ԿՈՐԻՒՆ ՔԷԼԷՇԵԱՆ Անցեալ ամիս աւարտեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը: Աւարտեցաւ ֆութպոլի եղանակը` ուրախութեան եւ յուսախաբութեան խառն զգացումներով: Ուրախութիւն` ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին ձեռք ձգած փայլուն արդիւնքներուն համար, որոնք մեր սպասածէն շատ աւելին էին, եւ յուսախաբութիւն, որ պէտք էր երկու այլ ակումբներ համաձայնէին, որ ՀՄԸՄ-ին զլացուէր Ա. դասակարգ բարձրանալու տոմսը, երբ Սաժեսը եւ Իժթիմահին ֆետերասիոնին օրհնութեամբ հաւասարեցան եւ Սաժես, որ...

Թրիաթլոն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Երկու Մետալով Վերադարձաւ Շարմ Շէյխէն

Նախանցեալ օր, Շարմ Շէյխէն (Եգիպտոս) Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի թրիաթլոնի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք 7-10 մայիսին տեղի ունեցած Արաբական Թրիաթլոնի միջազգային մրցաշարքին: Մրցաշարքը ընթացաւ բաւական սուր մրցակցութեամբ` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր մարզիկ կը փորձէր իր երկրին ապահովել պատուաբեր արդիւնքներ: Այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ յաջողեցաւ արձանագրել պատուաբեր արդիւնքներ, շնորհիւ Մ. Պաղտատիի եւ Մարիա...

Պատանի Հայ Բերդապահը` Մեծերու Խումբին Մէջ

Պատանի Հայ Բերդապահը` Մեծերու Խումբին Մէջ

Ֆրանսայի ամէնէն հայաբնակ քաղաքին` Վալանսի ֆութպոլի խումբին` Օլիմփիք Վալանսի հետ սկսած է մրցումի մասնակցելու յաւելեալ ժամանակ ստանալ հայ պատանի բերդապահ Ֆուրման Աբրահամեան, կը յայտնէ ArmSport.am: «Էքսըլընս լիկա»-ին մէջ հանդէս եկող Օլիմփիք Վալանս մօտ է առաջին հորիզոնականը գրաւելուն: 17 տարեկան Ֆուրման Աբրահամեան, որ նախապէս հանդէս կու գար 19 տարեկանէն վար կազմին մէջ, վերջին շրջանին կը յայտնուի մեծերու խումբին մէջ: Նշենք, որ...

Արշակ Քորեան Իր Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Վիթեսի Հետ

Իր լուրը քաղելով ռուսական մամուլէն` ArmSport.am լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի նախկին յառաջապահ Արշակ Քորեան կը պատրաստուի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել այժմու իր ակումբին` Վիթեսի հետ: Կը կարծուի, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին հոլանտական ակումբին կողմէ պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակուի այդ ուղղութեամբ: Քորեան, որ իր ակումբին հետ հաւաքի պիտի մեկնի (ամրան ընթացքին), յստակ չէ, թէ ո՞ր խումբին մէջ պիտի...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն Անդրանիկ Պէյրութ – Ամալ Պիքֆայա` 1-1

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի ծիրին մէջ, Անդրանիկ Պէյրութ 60-58 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ամալ Պիքֆայան, յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (1-1): Շանվիլի, Տիք Մըհտիի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 11-10, 24-33, 35-46 եւ 58-60: Երկու կազմերուն միջեւ երրորդ եւ վերջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` ուրբաթ, 15 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:00, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան»...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որ իրարու դէմ պիտի հանէ Նըժմէն եւ Թրիփոլին, տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 19 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Ֆետերասիոնը վաւերացուց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները, որոնց լոյսին տակ Ահտ պաշտօնապէս հռչակուեցաւ Լիբանանի 2014-2015 տարեշրջանի ախոյեան, մինչ վերջին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – Պիպլոս Աւարտականի Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումը, որ իրարու դէմ պիտի հանէ Ռիատի Պէյրութը եւ Պիպլոսը, տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 14 մայիսին: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ռիատիի դաշտին` Մանարայի մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:30-ին:  

Page 1229 of 1275 1 … 1,228 1,229 1,230 … 1,275

Արխիւներ