Նախապէս յայտարարուած էր, որ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերուն մեկնելու պատրաստուող Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականին կազմը պիտի յայտարարուի չորեքշաբթի, 20 մայիսին:
Ազատ ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Պաղտատեան wrestling.am-ին յայտնեց, որ խաղերուն մասնակցող ազատ ոճի մարզիկներուն անունը պիտի յայտարարուի հինգշաբթի, 21 մայիսին:
Նշենք, որ նախապէս յայտարարուեցան եւրոպական խաղերուն մասնակցող յունահռոմէական ոճի ըմբիշներուն անունները: