
Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, ՀՄԸՄ Պէյրութ ցարդ արձանագրած է երեք յաղթանակ` յաջորդաբար Մոն լա Սալի, Ժամհուրի եւ Լիուա խումբերուն դէմ:
Խումբը կրած է երկու պարտութիւն` Նատուէ Քամաթիէէն եւ Ժընուպ Թուլէն:
Ախոյեանութեան այդ մրցումները տեղի կ՛ունենան Մոն լա Սալի մէջ` Այն Սաատէ:
Ինչ կը վերաբերի խումբին մարզիկներուն, անոնք են` Անթոնի Գաբրիէլեան, Աւօ Մումջողլեան, Միսաք Պոյաճեան եւ Մարուան Մըրշի:
Իսկ խումբին մարզիչն է Րաֆֆի Մումջողլեան: