Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա-լիկա»-ի 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա, որ չորս կէտի առաւելութիւն մը ունէր Ռէալ Մատրիտի (2-րդ) վրայ, ախոյեան հանդիսանալու համար յաղթանակի մը պէտք ունէր, այլապէս տիտղոսին տիրանալու հարցը պիտի վճռուէր վերջին հանգրուանին:
Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ Պարսելոնա` շնորհիւ Լիոնել Մեսսիի նշանակած կոլին (65-րդ), 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Աթլեթիքօ Մատրիտի դաշտին վրայ եւ 23-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Սպանիոյ ախոյեան:
Իր կարգին, Ռէալ Մատրիտ իր դաշտէն դուրս 4-1 արդիւնքով յաղթեց Էսփանիոլի, բայց չորս կէտի տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ` իր եւ Պարսելոնայի միջեւ:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ հեթրիք մը իրագործեց (59-րդ, 83-րդ եւ 90-րդ), մինչ 4-րդ կոլը նշանակեց Մարսելօ (79-րդ):
Ստորեւ` դասաւորումը.
ԿԷՏ | |
1.- Պարսելոնա | 93 (108-19) |
2.- Ռէալ Մատրիտ | 89 (111-35) |
3.- Աթլեթիքօ Մատրիտ | 77 (67-25) |