Կրանտմասթըր Քարինա Համբարձումովա Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ արագ ճատրակի ախոյեանութեան առաւելագոյն 11 կէտէն 9 կէտ ապահովելով առանձինը նուաճեց առաջին մրցանակը եւ արժանացաւ երկրին ախոյեանութեան տիտղոսին, կը յայտնէ Armchess.am:
Համբարձումովա գերազանցեց 35 մրցակիցներ, որոնց շարքին էին միջազգային կոչումներ ունեցող 29 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 8 կրանտմասթըրներ: