Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան` Ռիատի Պէյրութի եւ Պիպլոսի միջեւ, Մանարայի դաշտին վրայ, երկարաձգումէն ետք աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով, 88-82 արդիւնքով (15-21, 35-40, 53-55, 77-77 եւ 88-82):
Ռիատիի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էլիժահ Հոլմըն (25), ապա` Ֆատի Խաթիպ (22): Իսկ Պիպլոսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մոհամետ Իպրահիմ (16), ապա` Ուիլիամ Ֆարես (15):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ռիատի 3-0 արդիւնքով գերազանցեց Պիպլոսը` նկատի ունենալով, որ նախորդ երկու մրցումներն ալ աւարտած էին Ռիատիի յաղթանակով:
4-րդ մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` երեքշաբթի, 19 մայիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Պիպլոսի դաշտին վրայ, եթէ Ռիատի յաղթանակ մը եւս արձանագրէ, պիտի հանդիսանայ Լիբանանի տղոց ախոյեան:
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի 3-րդ մրցումին, Անդրանիկ Պէյրութ 72-68 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով եւ 2-1 արդիւնքով գերազանցելով Ամալ Պիքֆայան, ապահովեց աւարտական մրցումին իր տոմսը, ուր կը մրցի Լուէյզի – Զուք Մոսպեհի դէմ:
Անոնց միջեւ տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը շատ հաւանաբար Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակէ այսօր: