ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Զաղրեպի մէջ (Խրուաթիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի Սամպոյի ախոյեանութեան մրցումներուն, 68 քկ դասակարգին մէջ Վաչիկ Վարդանեան արժանացաւ պրոնզ մետալի:
Այսպիսով, Հայաստանի սամպոյի հաւաքականը Զաղրեպէն կը վերադառնայ իրեն հետ բերելով 5 մետալ (1 ոսկի, 1 արծաթ եւ 3 պրոնզ):
Նշենք, որ Խրուաթիոյ մէջ Հայաստան 52 քկ դասակարգին մէջ ունեցաւ ախոյեան մը` Տիգրան Կիրակոսեան:
Էռնեսթ Հայրապետեան տիրացաւ արծաթէ մետալի, մինչ պրոնզէ մետալներու տիրացան Մաքսիմ Մանուկեան եւ Մաւրիկ Նասիպեան: