Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ, Բայց Պայքարը Կը Շարունակուի

May 19, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

5-18-15_with-photoՄարզական աշխարհին մէջ կան ուրախ պահեր եւ երբեմն ալ ոչ հաճելի պահեր` նկատի ունենալով, որ աւարտին երկու խումբ չէ, որ ախոյեան պիտի հանդիսանայ:

Շատ յաճախ զօրաւոր խումբ մը կ՛ըլլայ անբախտ, մինչ բախտը կը ժպտի այն խումբին, որ կը մրցէր զօրաւոր խումբին դէմ:

Սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ եթէ կան սխալներ, զանոնք պէտք է սրբագրել եւ ոչ թէ պարտութեան նիւթը արծարծել եւ անիմաստ վերլուծումներ կատարել այն մասին, որ եթէ այդպէս ըլլար, այսպէս չէր ըլլար եւ այլն:

Խօսքը կը վերաբերի Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հինգերորդ մրցումին, որուն ընթացքին զօրաւոր պայքարէ մը ետք Ռիատի յաղթանակ մը արձանագրեց եւ տիրացաւ տիտղոսին:

Կը շնորհաւորենք Ռիատին` տիտղոսը նուաճելուն առիթով: Սակայն շնորհաւորանքի աւելի մեծ բաժինը կ՛երթայ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն, որոնք այս տարի յաւելեալ մղձաւանջ պատճառեցին Ռիատիին, եւ եթէ բախտը քիչ մը միայն ժպտար ՀՄԸՄ-ին, տիտղոսակիրը պիտի ըլային մեր աղջիկները:

Հինգ մրցումներուն արդիւնքները նկատի առնելով բոլորն ալ ականատես դարձան, որ իւրաքանչիւր խումբ իր դաշտին վրայ կատարած մրցումին յաղթանակ արձանագրեց:

Սակայն Ռիատի իր դաշտին վրայ արձանագրեց 3 յաղթանակ, որովհետեւ ախոյեանութեան դասաւորման մէջ գրաւեց պարագլուխի դիրքը եւ բնականաբար նախապատուութիւնը տրուեցաւ անոր:

Ասկէ մեկնելով` յառաջիկայ տարեշրջանին գծով այժմէն իսկ այս կարեւոր կէտը պէտք է նկատի ունենալ եւ փորձել առաջին դիրքը գրաւել:

Նախորդ տարեշրջանին հետ բաղդատած, ՀՄԸՄ Անթիլիաս աւելի բարելաւեց իր խաղարկութիւնը, հակառակ անոր որ մետասաներորդ պահուն տիտղոսը զիջեցաւ իր մրցակիցին:

Բոլորս ալ յոյսով են, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ՀՄԸՄ պիտի տիրանայ այս տիտղոսին, որովհետեւ կը հաւատան իրենց խումբին:

Այժմ ախոյեանութիւնը աւարտած է, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ պայքարը կը շարունակուի` նկատի ունենալով, որ բաժակի մրցաշարքը կայ տակաւին եւ ՀՄԸՄ իրագործում մը ունի արձանագրելիք. արգելք հանդիսանալ, որ Ռիատի տուպլէ մը իրագործէ:

Բոլորս ալ յոյսով ենք, որ ՀՄԸՄ կը նուաճէ այս տիտղոսը` նախորդ տարեշրջանին նման:

Մոռնալով կիրակի օրուան պարտութիւնը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս պէտք է շարունակէ իր սովորական փորձերը եւ բարձր տրամադրութեամբ պատրաստուի բաժակի մրցաշարքին:

Մարզիկներէն բացի, քաջալերանքի եւ շնորհաւորանքի խօսքը կ՛երթայ նաեւ մարզիչին, անոր օգնականին, պատասխանատուներուն եւ ի մասնաւորի համակիրներուն, որոնք խումբին հետ եղան միշտ եւ անոր կողքին կանգնեցան` թէ՛ ուրախութեան ժամանակ եւ թէ՛ ընկրկումին ընթացքին:

Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ Անթիլիասին` աղջկանց բաժակի մրցաշարքին գծով:

 

Նախորդը

Հեծելարշաւ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. Մաթթա Եւ Հաժ Տիրացան Թանիոս Միրի Անուան Մրցումին Տիտղոսին

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նշմար.  «Ռութին»-ը Եւ Փոփոխութիւնը…
Մարզական

Նշմար. «Ռութին»-ը Եւ Փոփոխութիւնը…

January 13, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  2026-ի Ծառուկեանի Առաջին Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» 2026-ի Ծառուկեանի Առաջին Յաղթանակը

January 13, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Գերբաժակակիր. Պայերն 8 Կոլեր Նշանակեց. Ինթեր Միլան Անբախտ Էր
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Գերբաժակակիր. Պայերն 8 Կոլեր Նշանակեց. Ինթեր Միլան Անբախտ Էր

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.