Իտալական մարզական լրատուամիջոցներուն համաձայն, շատ հաւանաբար Ա. Սէ. Միլանի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը վստահուի իտալացի անուանի մասնագէտ, Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Մարչելլօ Լիփփիի:
Ինչպէս կը յայտնէ իտալական «Թութթոսփորթ» կայքը, եթէ Սիլվիօ Պերլուսքոնի չինական ընկերութեան ծախէ իր մասնաբաժինը, ապա խումբ մը կը հրաւիրուի Լիփփին:
Մասնաբաժինի հաւանական գնողները կ՛ուզեն Լիփփին տեսնել իբրեւ խումբի գլխաւոր մարզիչ:
ArmSport.am իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ 67 տարեկան մասնագէտին վերջին խումբը չինական Կուանկժու Էվըրկրանտն էր, որմէ ան հեռացաւ նախորդ տարի: