Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 4-րդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 19 մայիսին:
Մրցումին ընթացքին Պիպլոս իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յետմիջօրէին յայտարարեց, որ այս մրցումը երեկոյեան ժամը 18:00-ին փոխարէն պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:30-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, Ռիատի Պէյրութ 3-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Ժիպէյլեան խումբը:
Հետեւաբար, յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային Ռիատի Պէյրութ պիտի հանդիսանայ Լիբանանի տղոց ախոյեան: