Միջազգային շարք մը լրատու գործակալութիւններուն համաձայն, Եուվենթուսի ղեկավարութիւնը մտադիր է բարձրացնել խումբի գլխաւոր մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի աշխատավարձը, կը յայտնէ ArmSport.am:
«Սփորթ Միտիասեթ» կը հաղորդէ, որ ակումբը նաեւ մտադիր է մինչեւ 2018 երկարաձգել անոր պայմանագրութիւնը:
Ներկայիս անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2016:
Ստորագրուելիք նոր պայմանագիրին համաձայն, Ալլեկրի պիտի ստանայ 3,5 միլիոն եւրօ աշխատավարձ` ներկայի 2 միլիոն եւրոյին փոխարէն: