Պրազիլահայ կրանտմասթըր Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան յաղթանակով սկսաւ իր մասնակցութեան` Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեւիտէոյի մէջ տեղի ունեցող Ամերիկայի աշխարհամասի ճատրակի ախոյեանութեան, կը յայտնէ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am:
Մրցաշարքին չորս յաղթականները իրաւունք պիտի ստանան մասնակցելու աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 2015-ին` Պաքուի մէջ: