Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 20 մայիսին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը պիտի ճակատի Շեպիպէ Շիահի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի այսօր ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց խումբը` ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրելու առաջնահերթ նպատակը ունենալով: