Վերջին անգամ 20 տարի առաջ (1995-ին) Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած Եուվենթուս, այսօր` չորեքշաբթի, 20 մայիսին, լաւագոյն առիթը ունի այդ տիտղոսը վերստին ապահովելու, երբ աւարտական մրցումին ճակատի Լացիօ Ռոմայի դէմ:
Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Իտալիոյ ախոյեան հանդիսացած Եուվենթուսի մարզիկները այս տարեշրջանին լաւագոյն առիթը ունին հեթրիք մը իրագործելու, որովհետեւ ապահոված են նաեւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումին իրենց տոմսը: Անոնք 6 յունիսին Պերլինի մէջ (Գերմանիա) պիտի ճակատին Պարսելոնայի դէմ: