Շուրջ 2 շաբաթ առաջ Իտալիոյ ախոյեան հանդիսացած Եուվենթուս տիրացաւ այս տարեշրջանի իր երկրորդ տիտղոսին, երբ բարձրացուց Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին տիտղոսը` աւարտականի մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթելով Լացիօ Ռոմային:
Եուվենթուսի այս տուպլէն իրագործուեցաւ երկարաձգումէն ետք միայն` նկատի ունենալով, որ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով:
60 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան Ճիորճիօ Քիելինի (11-րդ) եւ Ալեսանտրօ Մաթրի (97-րդ) նշանակեցին Եուվէի կոլերը, իսկ Սթեֆան Ռատու` Լացիոյի կոլը (4-րդ):
Եուվենթուս, որ վերջին անգամ այս տիտղոսին տիրացած էր 20 տարի առաջ, յաջողեցաւ այս մրցաշարքին գծով մրցանիշ մը հաստատել, որովհետեւ 10-րդ անգամ ըլլալով ապահովեց տիտղոսը:
Նշենք, որ Եուվենթուս տարեշրջանը կրնայ աւարտել հեթրիք մը իրագործելով, եթէ յաջողի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին յաղթել Պարսելոնայի: