Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեանի Աշակերտ Նանօր Արնէլեան` Լիբանանի Ճատրակի Աղջկանց Ախոյեան. Ճիօ Եւ Կի Գալուստ` Պրոնզէ Մետալակիրներ

Մայիս 21, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-20-15_mesrobianՀայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներ Նանօր Արնէլեան, Ճիօ Գալուստ եւ Կի Գալուստ պատուաբեր տիտղոսներով վերադարձան Լիբանանի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան խաղերէն, որոնք երկարեցան ամբողջ չորս օրերու վրայ` 9-10 եւ 16-17 մայիս 2015-ին:

5-20-15_nanor=

Մեսրոպեանական մասնակիցներէն ամէնէն բարձր ցուցանիշը հաստատեց Նանօր Արնէլեան: Առաւելագոյնը 6 կէտերէն 5.5 կէտ շահելով` Նանօր արձանագրեց բոլորին կողմէ սպասուած յաջողութիւնը եւ տիրացաւ Լիբանանի աղջկանց ճատրակի ախոյեանի տիտղոսին: Ճիօ եւ Կի Գալուստ եղբայրները, իրենց հերթին, ցուցաբերեցին հնարամիտ խաղ եւ երկուքն ալ տարիքային իրենց խումբերուն մէջ նուաճեցին Լիբանանի ճատրակի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալները: Մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ Մեսրոպեանի աշակերտ Կարօ Գալֆայեան:

Ինչպէս նախապէս, այս անգամ ալ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ ամբողջ աշակերտութեան առջեւ շնորհաւորեց ճատրակի պատանի վարպետները եւ գնահատեց անոնց աշխատանքը` մտաւոր ունակութիւններ զարգացնող այս մարզաձեւին մէջ:

Մեսրոպեանի աշակերտները անցած տարեշրջանին մասնակցեցան բազմաթիւ մրցաշարքերու եւ միշտ ալ յայտնուեցան մետալակիրներու դիրքերուն վրայ` անհատական թէ խմբային խաղերուն մէջ:  Մեսրոպեանի ճատրակի հաւաքականը 2014-2015 տարեշրջանին երրորդ հանդիսացաւ Լիբանանի դպրոցներու ճատրակի ախոյեանութեան մրցումներուն: Մեր աշակերտներուն յաջողութեան մեծապէս նպաստեցին անոնց ծնողներուն  եւ  մարզող ուսուցիչին` Էլի Հուլիշեանի քաջալերանքն ու հոգածութիւնը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

Նախորդը

Ճատրակ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն. 8 Հայեր Տիրացան Տարբեր Տեսակի Մետալներու

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

RelatedPosts

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը
Մարզական

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?