Երէկ, պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Պայէր Լեւերքուզըն ակումբը յայտարարեց, որ երեք տարիով` մինչեւ 2019, երկարաձգեց իր մարզիչին` Ռոճըր Շմիթի պայմանագրութիւնը:
Հակառակ անոր որ Պայէր Լեւերքուզըն ուղղակիօրէն «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցելու համար տոմս մը չկրցաւ ապահովել, սակայն ապրիլ 2014-ին իր այս պաշտօնը ստանձնած 48 տարեկան մարզիչը յաջողեցաւ արձանագրել բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ եւ ամէնէն կարեւորը` սիրաշահիլ խումբին համակիրները: