
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 4-րդ ճակատումը` Պիպլոսի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ, երէկ գիշեր աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Պիպլոսի յաղթանակով, որ 83-73 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին, Ժիպէյլի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին:
Ռիատի, որ նախորդ երեք մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, չկրցաւ արդիւնքը վերածել 4-0-ի, եւ այսպիսով երկու կազմերուն միջեւ ճակատումը գնաց դէպի 5-րդ մրցում:
Պէտք է նշել, որ երէկուան այս մրցումին աստղը հանդիսացաւ Պիպլոսի մարզիկ Ճէյ Եանկպլատ, որ նշանակեց 36 կէտ եւ 6 ռիպաունտ, մինչ անոր խմբակից Ռաթքօ Վարտա նշանակեց 14 կէտ եւ 8 ռիպաունտ:


