Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ վեց օրերու վրայ (20-25 մայիս) տեղի պիտի ունենան Լիբանանի աթլեթիզմի տարիքային ախոյեանութեան երկսեռ մրցումները` Ժամհուր վարժարանին եւ լիբանանեան համալսարանին (Հատաս) մէջ:
Տեղի պիտի ունենան հետեւեալ դասակարգերու մրցումները. 18-19, 16-17, 14-15, 12-13 եւ 10-11 տարեկան:
Ֆետերասիոնը եկաւ յիշեցնելու, որ իւրաքանչիւր ակումբէ միայն երկու մարզիկներ կրնան մասնակցիլ իւրաքանչիւր մրցումի:
Նշուեցաւ նաեւ այլ կէտ մըն ալ, ըստ որուն, իւրաքանչիւր մարզիկ, կրնայ մասնակցիլ երկու տարբեր մրցումներու: