Ըստ ռուսական մամուլին, յունական Օլիմփիաքոսի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան մօտ է Ռուսիա տեղափոխուելու, ուր պիտի միանայ տեղւոյն կազմերէն մէկուն:
27 տարեկան ֆութպոլիստին գործակալը բանակացութիւններ կը վարէ ռուսական եւ ղազախական ակումբներու հետ:
Յունուար 2015-ին Ղազարեան փոխ տրուեցաւ յունական Քերքիրայի: Ան ընթացիկ ախոյեանութեան շրջագիծին մէջ իր կատարած 29 մրցումին ընթացքին նշանակեց 2 կոլ: