Իր լուրը քաղելով «Մարքա»-էն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Պայէրն Միւնիխի կազմակերպած «Օտի» ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Ռէալ Մատրիտ:
Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 4-5 օգոստոսին` Գերմանիոյ մէջ:
Ցարդ բացի վերոնշեալ երկու ակումբներէն, որոնք հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը, այլ ակումբի մասին չի խօսուիր:
«Օտի» բաժակի մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 2009-էն ի վեր, երկու տարին անգամ մը` փլէյ-օֆի դրութեամբ:
Սկիզբը տեղի կ՛ունենան կիսաւարտականի մրցումները, ապա` աւարտականի մրցումը: