Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, վաղը իր աւարտին կը հասնի լիբանանեան ընկերութիւններու ֆութսալի մրցաշարքը, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` «Աուտէ» դրամատան եւ «Ազատէա կրուփ» ընկերութեան միջեւ:
Աւարտական այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ` Տըքուանէ – Մար Ռուքոզ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին: