
Երէկ` երեքշաբթի, 19 մայիսին, Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան խմբային մրցումները, երբ անոր մասնակցող խումբերը կատարեցին երկուքական մրցում:
Ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ իր կարգին կատարեց երկու մրցում, արձանագրեց 2 յաղթանակ` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Մոն Լա Սալը (3-0) եւ Թատամոն Հրաժելը (3-0):
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կը կազմեն Դուին Մումջողլեան, Լարա Քեչեպաշեան եւ Նենսի Մումջողլեան: