Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ): Մրցումին ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Շեպիպեթ Շիահ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ այս մրցումին դաշտ ներկայացաւ առանց իր հիմնական մարզիկներուն, 65-37 արդիւնքով (կիսախաղ 37-26` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի) յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց աւարտական մրցումին իր տոմսը:
Այս մրցումը լաւագոյն առիթը եղաւ ՀՄԸՄ-ի պահեստի մարզիկներուն համար, որպէսզի ցոյց տան իրենց ունեցած կարողութիւնը եւ ապագային իրենք եւս դառնան խումբին հիմնական մարզիկներէն:
Նշենք, որ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երբ երեկոյեան ժամը 19:00-ին Մանարայի մէջ Ռիատի Պէյրութ ճակատի Շապապ Արապիի դէմ:
Նշենք, որ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 23 մայիսին:
Մրցումին վայրը եւ ժամը ցարդ չեն ճշդուած: