Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ վանաձորցի 21 տարեկան ճատրակ խաղացող Դաւիթ Շահինեան Իրանի Սովմեսարա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին ամբողջացուց միջազգային վարպետի չափանիշը:
Ասիկա Շահինեանի 3-րդ յաջողութիւնն է: Ան 2012-ի Մոսկուայի Օփընին այդ չափանիշը ամբողջացուցած էր, իսկ 2015-ին` Հայաստանի բարձրագոյն խումբի ախոյեանութեան: