Ինչպէս ծանօթ է, Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը իր կատարած վերջին երկու մրցումներուն արձանագրեց երկու յաղթանակ` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիման (3-0) եւ Լիբանանեան բանակի հաւաքականը (3-2):
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը այս ախոյեանութեան կ՛արձանագրեն բաւական տպաւորիչ եւ բացառիկ արդիւնքներ: