Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ուրալ Եգաթերինպուրկի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը չի կրնար դաշտ ներկայանալ:
Մանուչարեան յայտարարեց, որ ակումբին բժիշկին վկայութեամբ կրնայ փորձերու սկսիլ միայն մէկ ամիս ետք:
Ասիկա կը նշանակէ, որ ան ոչ միայն իր ակումբին կատարելիք վերջին երկու մրցումներուն պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, այլ նաեւ պիտի չմասնակցի Փորթուգալի դէմ տեղի ունենալիք Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին: