Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ` Լիբանանի Տղոց Ախոյեան

PROFOTO Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ Ռիատի Պէյրութ - Պիպլոս աւարտական 5-րդ ճակատումը` Մանարայի մէջ: Ռիատի Պէյրութ, որ 3-1 արդիւնքով կը յառաջանար, այլ յաղթանակ մըն ալ արձանագրելով 93-71 արդիւնքով (23-23, 46-42, 67-55 եւ 93-71) եւ 4-1 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը, հանդիսացաւ 2014-2015 տարեշրջանի Լիբանանի ախոյեան: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռիատիի մարզիկ Ֆատի...

Քասիաս Գերազանցեց Սուպիսարեթթայի Մրցանիշը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Լա լիկայ»-ի 38-րդ եւ վերջին հանգրուանին, մայրաքաղաքի կազմը` Ռէալ Մատրիտ, 7-3 արդիւնքով յաղթեց Կեթաֆէին: Արձանագրուած այս յաղթանակը 334-րդն էր արքայական ակումբին բերդապահ Իքեր Քասիասին համար: Ասոր շնորհիւ, Քասիաս գերազանցեց նախկին բերդապահ Անթոնի Սուպիսարեթթայի անցեալին հաստատած մրցանիշը (333 յաղթանակ)` այսպիսով դառնալով Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նոր մրցանշակիր:  

«Լա Լիկա». Չաւիի Վերջին Մրցումը` Ախոյեան Պարսելոնայի Հետ. Ռոնալտօ` 48 Կոլով Սպանիոյ Ռմբաձիգ

Չաւի Հեռնանտես Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Պարսելոնա 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Տեփորթիւօ Քորունայի հետ, որ այսպիսով հազիւ փրկուեցաւ Բ. դասակարգ փոխադրուելէ: Այս մրցումը սպանացի միջազգային նախկին ֆութպոլիստ, 35 տարեկան խմբապետ Չաւի Հեռնանտեսի համար եղաւ վերջինը` անոր ակումբին` Պարսելոնայի հետ եւ Սպանիոյ մէջ, նկատի ունենալով, որ ան միացաւ քաթարեան խումբերէն Սատի:...

Նէօյըր Գերազանցեց Քանի Ցուցանիշը Եւ Դարձաւ «Պունտըսլիկա»-ի Նոր Մրցանշակիր

Մանուէլ Նէօյըր (ձախին) եւ Օլիվըր Քան Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 34-րդ եւ վերջին հանգրուանին, Մայնց-05-ի դէմ տեղի ունեցած մրցումին նոր մրցանիշ մը հաստատեց: 29 տարեկան գերմանացին` մասնակցելով 32 մրցումի, 20 մրցումի ընթացքին անառիկ պահեց իր սեփական դարպասը, կը յայտնէ ArmSport.am: Ինչպէս յայտնեց միւնիխցիներուն պաշտօնական կայքը, այդ ցուցանիշով Նէօյըր գերազանցեց Պաւարիայի անցեալի բերդապահ Օլիվըր Քանի մրցանիշը,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Լուէյզի 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Անդրանիկ Պէյրութը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ «ՀԲԸՄ»-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), շաբաթ, 23 մայիսին, Լուէյզի - Զուք Մոսպեհ 67-60 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` 2-0 արդիւնքով գերազանցելով Անդրանիկ Պէյրութի (17-16, 31-31, 47-51 եւ 60-67): Օրուան իրաւարարներն էին` Մարուան Էկօ, Նիքոլա Մաալուֆ եւ Ժորժ Սաատ: Այսօր` երկուշաբթի, 25 մայիսին, երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունենալիք երրորդ...

Անգլիական Ֆութպոլ. Հալ Սիթի, Պըրնլի Եւ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ Անցան Ա. Դասակարգ

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները կատարուեցան նախորդ շաբաթավերջին: Վերջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը` Հալ Սիթի, Պըրնլի եւ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ անցան Ա. դասակարգ: Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ գրաւեց 4-րդ դիրքը, պիտի մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի մրցումներուն, մինչ առաջին երեք դիրքերը գրաւողները` Չելսի, Մանչեսթըր Սիթի եւ Արսենալ, ապահովեցին վերոնշեալ մրցաշարքին իրենց տոմսը:

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Խմբային Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նատուա Քամաթիէ Աղջկանց Աւարտական Մրցումը

Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները կ՛աւարտին այսօր` շաբաթ, 23 մայիսին, երբ տեղի կ՛ունենան աւարտական մրցումները, Մոն լա Սալի մէջ, Այն Սաատէ: Աղջկանց աւարտական մրցումին, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, իրարու դէմ պիտի ճակատին ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ Նատուա Քամաթիէ: ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կը կազմեն Դուին Մումջողլեան, Լարա Քեչեպաշեան եւ Նոել Քէշիշեան: Քաջալերելու համար ՀՄԸՄ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.   Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Աղջկանց Աւարտական Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Աղջկանց Աւարտական Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 23 մայիսին: Մրցումին ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ: Մրցումը որ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին: Ինչպէս ծանօթ է, այս մրցումին յաղթականը պիտի հանդիսանայ Լիբանանի բաժակակիր: Տարեշրջանը տիտղոսով մը աւարտելը կը նկատուի շատ կարեւոր` ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներուն...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին Կ՛աւարտին Անգլիոյ, Սպանիոյ, Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Ախոյեանութիւնները

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները վերջին հանգրուանի ճակատումները պիտի ըլլան Անգլիոյ, Սպանիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ: Իտալիոյ պարագային, շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան նախավերջին հանգրուանի մրցումները: Ինչպէս ծանօթ է, բոլոր երկիրներուն պարագային ալ յստակացած են ախոյեաններուն անունները եւ որոշ չափով ալ` Բ. դասակարգ փոխադրուողներուն անունները: Վերջին ճակատումներուն, խումբերը պիտի պայքարին, որ յառաջիկայ տարեշրջանին գծով եւրոպական մրցաշարքերուն համար տոմս...

ՖԻՖԱ-ի Նախագահական Ընտրութիւններ. Լուիս Ֆիկօ Եւս Յետս Կոչեց Իր Առաջադրած Թեկնածութիւնը

Մինչ ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն թուականը` 29 մայիսը կը մօտենայ, մինչ օրէ օր այդ պաշտօնին համար առաջադրուած թեկնածուներուն թիւը կը նուազի: Այժմ անոնց թիւը իջած է ճիշդ կէսին` երկուքի: Հետեւելով Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միքայէլ Վան Փրաակին, իր կարգին փորթուգալցի ֆութպոլի անցեալի նախկին աստղ Լուիս Ֆիկօ յետս կոչեց իր առաջադրած թեկնածութիւնը: Այդ պաշտօնին համար այժմ պայքարը պիտի մղուի Յորդանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Լուէյզի – Անդրանիկ` 1-0

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Լուէյզի Զուք Մոսպեհը եւ Անդրանիկ Պէյրութը, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 84-58 արդիւնքով (21-14, 48-27, 70-31 եւ 84-58): Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լուէյզի 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Անդրանիկը: Մրցումին իրաւարարներն էին` Ատել Խուէյրի, Փոլ Սքայեմ եւ Ժորժ Սաատ: Երկու խումբերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ,...

Պելճիքայի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Կանթ Տիրացաւ Տիտղոսին` 115 Տարուան Երկար Սպասումէ Մը Ետք

1864-ին հիմնուած, սակայն 1900-ին ֆութպոլի սկսած Կանթ պելճիքական ակումբը, 115 տարուան բաւական երկար սպասումէ մը ետք ի վերջոյ յաջողեցաւ տիրանալ Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին` Սթանտար Լիեժի դէմ իր արձանագրած 2-0 արդիւնքով յաղթանակին շնորհիւ: Նշենք, որ վերջին 17 տարիներուն Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեան կը հանդիսանային հետեւեալ չորս խումբերը. Անտըրլեխթ, Սթանտար Լիեժ, Ֆ. Ք. Պրիւժ եւ Ռասինկ Կենք:    

Պայէրն Միւնիխ Յունիսին Դէպի Չինաստան Շրջապտոյտ Մը Պիտի Կատարէ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը յուլիսին դէպի Չինաստան շրջապտոյտ մը պիտի կատարէ: Չինաստանի մէջ Պայէրն Միւնիխ յաջորդաբար պիտի մրցի Վալենսիայի, Ինթեր Միլանի եւ Կուանկզհու Էվըրկրենտի դէմ: Նշենք, որ Պայէրն Միւնիխ «Պունտըսլիկա»-ի 2015-2016 տարեշրջանի բացման իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 14 օգոստոսին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – Պիպլոս 5-րդ Մրցումը

Այսօր` ուրբաթ, 22 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 5-րդ մրցումը, որուն ընթացքին Ռիատի Պէյրութ Մանարայի իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պիպլոսը: Ռիատի, որ այժմ 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը, յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային պիտի հանդիսանայ Լիբանանի 2014-2015 տարեշրջանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեան:

Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Պաքու Կը Մեկնի Ազատ Ոճի 6 Ըմբիշներով

Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական առաջին խաղերուն, Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը պիտի ներկայացուի 6 մարզիկով, կը յայտնէ ArmSport.am: Ազրպէյճանի մայրաքաղաք պիտի մեկնին Գարիկ Բարսեղեան (57 քկ), Վոլոդի Ֆրանգուլեան (61 քկ), 2013-ի աշխարհի ախոյեան Դաւիթ Սաֆարեան (66 քկ), Գրիգոր Գրիգորեան (74 քկ), Մուսա Մուրթազալիեւ (85 քկ) եւ Լեւան Պերիանիցէ (125 քկ): Յիշեցնենք, որ այս խաղերը տեղի պիտի ունենան 12-28 յունիսին:

Միշել Փլաթինի` Հայաստանի Մէջ

Միշել Փլաթինի` Հայաստանի Մէջ

Երէկ` հինգշաբթի, 21 մայիսին, միօրեայ ոչ պաշտօնական այցելութեամբ մը Երեւան հասաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինի: Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Փլաթինիին դիմաւորեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան: Ապա Փլաթինի այցելեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, իսկ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ մարզական լրագրողներուն տուաւ հարցազրոյց մը: Ան նաեւ Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ Հայաստանի 14 եւ 15 տարեկաններու հաւաքականներուն...

Դահուկարշաւ. Շաբաթ, 23 Մայիսին` 2014-2015 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւնը

Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ շաբաթ, 23 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի դահուկարշաւի բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն 2014-2015 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը:

Լիբանանի Ռելիներու Ախոյեանութիւն.  Կիրակի, 24 Մայիսին` Ժեզզինի 4-րդ Ռելին

Լիբանանի Ռելիներու Ախոյեանութիւն. Կիրակի, 24 Մայիսին` Ժեզզինի 4-րդ Ռելին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հովանաւորութեամբ «Օ. Էմ. Թի.»-ին, կիրակի, 24 մայիսին տեղի կ՛ունենայ Ժեզզինի 4-րդ ռելին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ եւ որ կը յաջորդէ գարնանային ռելիին: Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 237,49 քմ: Կազմակերպիչ ակումբը երէկ հրապարակեց ցանկը այս ռելիին մասնակցող 25 ինքնաշարժներուն` նշելով անոնց վարորդներուն եւ օգնականներուն անունները: Ստորեւ` Ժեզզինի ռելիին մասնակցողները....

ՖԻՖԱ-ի Նախագահական Ընտրութիւններ. Վան Փրաակ Յետս Կոչեց Իր Առաջադրած Թեկնածութիւնը

Ինչպէս ծանօթ է, 29 մայիսին Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի պիտի ունենան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները: Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միքայէլ Վան Փրաակ, որ այդ պաշտօնին համար առաջադրած էր իր թեկնածութիւնը, երէկ յայտարարեց, որ յետս կը կոչէ իր թեկնածութիւնը եւ կը զօրակցի Յորդանանի իշխանին` Ալի Պըն Հիւսէյնի առաջադրած թեկնածութեան: Նշենք, որ այդ պաշտօնին համար իր թեկնածութիւնը առաջադրած է նաեւ փորթուգալցի անուանի նախկին...

Մարքոս Փիցելլի Կոլի Եւ Կոլի Փոխանցման Հեղինակ

Ղազախստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականին իր կատարած մրցումին, Աքթոպէ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Օկժետպեսին, կը հաղորդէ ArmSport.am: Այս մրցումին հերոսը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, որ իր կազմին հետ յաղթանակ արձանագրեց: Փիցելլի, որ 20-րդ վայրկեանին իր նշանակած կոլով բացաւ մրցումին հաշիւը, 45-րդ վայրկեանին կատարեց կոլի սքանչելի փոխանցում մը իր խմբակիցին` արդիւնքը բարձրացնելով երկուքի: Կիսաւարտականին Աքթոպէի մրցակիցին անունը...

Page 1226 of 1275 1 … 1,225 1,226 1,227 … 1,275

Արխիւներ