Հայկական Ֆութպոլ. Բարձրագոյն Դասակարգի Ախոյեանութեան 2014-2015 Տարեշրջանը Աւարտեցաւ
Շաբաթ, 30 մայիսին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանի վերջին` 28-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Այսպիսով, վերջին հանգրուանի արդիւնքներուն հիմամբ, չորրորդ դիրքը գրաւեց Ալաշկերտ Երեւան, որ իրաւունք ստացաւ մասնակցելու «Եուրոփա լիկ»-ի մրցաշարքին: Ուլիս - Շիրակ մրցումէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ ախոյեանութեան մրցանակակիրներուն պարգեւատրումին հանդիսաւոր արարողութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Աշոտ Մանուկեան «ոսկիէ կօշիկ»-ի մրցանակը յանձնեց լաւագոյն ռմբաձիգներուն` Փիւնիկի յառաջապահ...
