Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումին, Վոլֆսպուրկ 3-1 արդիւնքով յաղթելով Պորուսիա Տորթմունտին, տիրացաւ տիտղոսին:
Մրցումին չորս կոլերն ալ նշանակուեցան Ա. կիսախաղին: 5-րդ վայրկեանին Տորթմունտ բացաւ մրցումին հաշիւը, որմէ ետք Վոլֆսպուրկ նշանակեց յաջորդական երեք կոլեր` 22-րդ, 33-րդ եւ 38-րդ վայրկեաններուն:
Մրցումին ներկայ էին շուրջ 76 հազար հանդիսատեսներ:
Այս մրցումը վերջինը եղաւ Եիւրկըն Քլոփի համար` իբրեւ Պորուսիա Տորթմունտի գլխաւոր մարզիչ:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Տորթմունտի հետ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին: