Աշխարհի ամէնէն հարուստ ակումբը նկատուող Ռէալ Մատրիտ պաշտօնանկ ըրաւ իր իտալացի մարզիչը` Քարլօ Անչելոթթին, երբ ան իր ակումբին հետ 2014-2015 տարեշրջանը աւարտեց առանց ոչ մէկ տիտղոսի տիրանալու:
Ըստ սպանական մամուլին, հաւանաբար անոր յաջորդը ըլլայ Նափոլիի մարզիչը` Ռաֆա Պենիթես:
Իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես ըսաւ. «Որոշուեցաւ Քարլօ Անչելոթթին ազատ կացուցել իր պաշտօնէն: Դժուար որոշում մըն էր, որ տրուեցաւ ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ, սակայն մեր դիմաց այլընտրանք մը չունէին դժբախտաբար»:
Նշենք, որ Անչելոթթիի ստորագրած երեք տարուան պայմանագրութիւնը` մայրաքաղաքին հետ, կ՛աւարտէր յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտին:


