Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան եւ Հարաւի ազատագրութեան տօնին առիթով, կիրակի, 24 մայիս 2015-ին, Պաալպեքի քաղաքապետութիւնը կազմակերպած էր 9 քմ Քրոս Քաունթրիի մրցում մը: Մրցումը նուիրուած էր նահատակ սպայ Ահմետ Թապիխի յիշատակին: Մրցումի կազմակերպման կ՛օժանդակէին շրջանի ակումբները: Քրոս Քաունթրին կը հովանաւորէր Լիբանանեան բանակի հրամանատարին ներկայացուցիչը` զօր. Հայտար: Մրցումին կը մասնակցէին 400 երկսեռ մարզիկներ` լիբանանեան բանակէն եւ շրջանի մարզական ակումբներէն:
Ներկայ էին նաեւ շրջանի գիւղապետներ, քաղաքապետներ, ինչպէս նաեւ նահատակ սպային ընտանիքը:
ՀՄԸՄ Այնճարի մարզիկներ եւս ներկայ էին:
Քրոս Քաունթրին սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին` Պաալպեքի Րաս Էլղէին շրջանէն: Մրցումը տեղի ունեցաւ փշոտ եւ քարքարոտ լեռներուն մէջ: Քրոս Քաունթրին աւարտեցաւ իր սկսած վայրը:
Լեւոն Թաշճեան, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Այնճարը, 9 քմ Քրոս Քաունթրին աւարտեց 48 վայրկեանէն եւ գրաւեց 2-րդ դիրքը` իր տարիքային խմբաւորման մէջ: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Պաալպեքի բերդին մէջ: Լեւոն Թաշճեան ստացաւ իր տիտղոսը` ձեռամբ զօր. Հայտարի: