
Երէկ` ուրբաթ, 29 մայիսին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ սկսաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը:
Երէկ յետմիջօրէին Լիբանան, որ կատարեց իր առաջին մրցումը, 85-67 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իրաքը, կիսախաղ` 44-27, ի նպաստ Լիբանանի:
Երէկուան այս մրցումին Լիբանանի խմբապետ Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 31 կէտ, իսկ անոր խմբակից Ամիր Սէուտ` 19 կէտ:
Այս մրցումին ներկայ էին լիբանանցի մեծ թիւով համակիրներ, որոնց կարգին` Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ բարեկամական մրցում մը ունի կատարելիք հոն, դաշտին տիրոջ` Յորդանանի դէմ:
Մրցումին աւարտէն անմիջապէս ետք, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար շնորհաւորեց ազգային խումբին մարզիկները` արձանագրուած այս յաղթանակին առիթով:
Այսօր` շաբաթ, 30 մայիսի ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Լիբանան կը մրցի Յորդանանի դէմ, իսկ վաղը` կիրակի, 31 մայիսին, ժամը 17:00-ին` Սուրիոյ դէմ: