Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան ներկայացուց Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական առաջին խաղերուն Հայաստանի պատուիրակութեան մասնակցութեան գծով շարք մը մանրամասնութիւններ:
Մասնաւորաբար ան յայտնեց, որ ինք Պաքուի մէջ պիտի ըլլայ Հայաստանի դրօշակակիրը:
ArmSport.am եզրափակեց նշելով, որ Հայաստանի պատուիրակութիւնը Պաքու պիտի մեկնի 10 յունիսին, մինչ խաղերը պիտի սկսին 12 յունիսին:


