Երկրորդ թեթեւագոյն դասակարգի աշխարհի նախկին բացարձակ ախոյեան Վիք Դարչինեան կը պատրաստուի իր հերթական ախոյեանութեան մենամարտին:
Հայաստանը ներկայացնող կռփամարտիկը «WBA»-ի կիսաթեթեւ կարգի գօտիին համար 6 յունիսին Լոս Անճելըսի մէջ պիտի մրցի արժանթինցի Խեսուս Քուելարի դէմ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Այս օրերուն 39 տարեկան Դարչինեան կը մարզուի իր առաջին մարզիչին` Վազգէն Պատալեանի ձեռամբ:
Այս մենամարտը պիտի ըլլայ Դարչինեանի 49-րդը` անոր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին:
Նշենք, որ արժանթինցին (28 տարեկան) կը յայտարարէ, որ հակառակ Դարչինեանի նկատմամբ իր ցուցաբերած յարգանքին, ինք հայ կռփամարտիկին պիտի յաղթէ նաք-աութով: