
Երէկ երեկոյեան Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները:
ՖԻՖԱ-ի նախագահի պաշտօնին համար կը պայքարէին ՖԻՖԱ-ի այժմու նախագահ Սեփ Պլեթըր եւ Յորդանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ եւ ՖԻՖԱ-ի անդամ Ալի Պըն Հիւսէյն իշխանը:
ՖԻՖԱ-ի 209 անդամներէն 206-ը մասնակցեցան այդ ընտրութիւններուն:
Պլեթըրի օգտին քուէարկեցին 133 երկիրներու ներկայացուցիչներ, իսկ Ալի Պըն Հիւսէյն իշխանին օգտին` 73:
ՖԻՖԱ-ի կանոնագիրին համաձայն, առաջին փուլին յաղթանակի համար թեկնածուն պէտք է հաւաքէ ձայներուն երկու երրորդը:
Անկէ ետք տեղի պէտք է ունենայ քուէարկութեան երկրորդ փուլը, որուն ընթացքին յաղթողը պիտի որոշուի ձայներու մեծամասնութեամբ:
Այդ երկրորդ փուլը տեղի չունեցաւ, որովհետեւ յորդանանցի թեկնածուն յետս կոչեց իր թեկնածութիւնը, եւ Պլեթըր 5-րդ նստաշրջանի մը համար (մրցանիշ մը) ընտրուեցաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ:


