
Շաբաթ, 23 մայիսին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ Լիբանանի դահուկարշաւի 2014-2015 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ հրաւիրեալներու, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին անդամներուն, մարզիկներու ծնողներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ մարզական լրագրողներուն:
Շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները` Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ յայտնեց, որ ֆետերասիոնը ոչ մէկ ճիգ խնայեց բոլոր տեսակի մրցաշարքերն ու ախոյեանութիւնները յաջողցնելու` փաստելով, որ Լիբանան շնորհիւ իր մարզիկներուն միշտ ալ կը յաջողի արձանագրել տպաւորիչ արդիւնքներ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն եւ հիւրասիրութիւն: