Մարզական

Պենիթես Նշանակուեցաւ Ռէալ Մատրիտի Մարզիչ

Սպանացի Ռաֆայէլ Պենիթես, որ ճանչցուած է իբրեւ շատ ճամբորդող մարզիչ, երէկ` չորեքշաբթի, 3 յունիսին նշանակուեցաւ Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ: 55 տարեկան Պենիթես, որ փոխարինեց պաշտօնանկ եղած Քարլօ Անչելոթթին, երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց արքայական ակումբին հետ: Նախապէս Վալենսիայի, Լիվըրփուլի, Ինթեր Միլանի եւ Չելսիի մարզիչը եղած Պենիթես մարզիչի իր ասպարէզին սկսած է Ռէալ Մատրիտի կրտսերներու ակադեմիային հետ` 1986-ին:  

Լացիօ Ռոմա Կրնայ Զրկուիլ Եւրոպական Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարքերուն Մասնակցելէ

Պայմանաւորուած հանդիպումներու դէմ պայքարող «Ֆետերպեթ» միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Ֆրանչեսքօ Պարանքա կը հաղորդէ, որ իտալական Լացիօ Ռոմա կրնայ զրկուիլ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին (ինչպէս նաեւ «Եուրոփա լիկ»-ին) մասնակցելու իրաւունքէն: Կը կարծուի եւ կասկածներ կան, որ հռոմէացիները եւ Ճենովան 2011-ին պայմանաւորուած հանդիպում կատարած են: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Թի. Էմ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ»-ն: Սակայն իտալական ակումբը կը յայտնէ, որ ատիկա միայն Պարանքայի անձնական...

Փոխանցումներ Կատարելու Համար`. Ռէալ Մատրիտի 7 Մարզիչներուն Համար Փերես Տրամադրած Է 800 Միլիոն Եւրօ

Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես խումբը նոր մարզիկներով օժտելու համար միշտ ալ հսկայական գումարներ կը ծախսէ: Ան երկու անգամ եղած է արքայական ակումբին նախագահը եւ աշխատած եօթը տարբեր մարզիչներու հետ: Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Մարքա» կը հաղորդէ, որ 1999-էն մինչեւ 2014-2015 տարեշրջան ան այդ 7 մարզիչներուն տրամադրութեան տակ դրած է 800 միլիոն եւրօ, ինչ որ կը նկատուի բաւական հսկայական...

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Լիբանան Ստացաւ Իր Տիտղոսը. Խումբը Այսօր Կը Վերադառնայ Պէյրութ

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան Ստացաւ Իր Տիտղոսը. Խումբը Այսօր Կը Վերադառնայ Պէյրութ

Երէկ երեկոյեան, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 13-րդ ախոյեանութիւնը, որմէ անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Թէեւ Լիբանան երէկ մրցում չունէր կատարելիք, բայց սպասեց մրցաշարքին աւարտին` ստանալու համար ախոյեանութեան իր տիտղոսը: Լիբանանցի մարզիկները եւ մեծ թիւով համակիրներ տօնական մթնոլորտի մէջ ստանձնեցին այդ տիտղոսը: Նշենք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի պատուիրակութիւնը այսօր` չորեքշաբթի, 3 յունիսին, առաւօտեան ժամը 11:15-ին, կը հասնի...

Սարգիս Յովսէփեան Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական Հրաւիրեց 25 Ֆութպոլիստ

13 յունիսին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Փորթուգալը: Այդ մրցումին նախապատրաստուելու համար, Հայաստանի ազգային հաւաքականը 5-13 յունիսին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ակադեմիային մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Սարգիս Յովսէփեան արդէն իսկ հրապարակեց անունները այն ֆութպոլիստներուն, որոնք մարզական հաւաքին...

ՖԻՏԷ-ի Դասաւորում. Արոնեան 2 Դիրքի Ոստում Արձանագրեց

ՖԻՏԷ-ն հրապարակեց աշխարհի առաջին 100 ճատրակ խաղացողներուն նոր դասաւորումը, որուն մէջ վերջին տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանէն 3 ներկայացուցիչներ կան: Լեւոն Արոնեան (2780) երկու դիրքի ոստում մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը: Գաբրիէլ Սարգիսեան (2673) կը գտնուի 68-րդ դիրքին վրայ, մինչ Սերկէյ Մովսիսեան (2655)` 91-րդ դիրքին վրայ: Նշենք, որ պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս...

Գերմանական Ֆութպոլ, Համպուրկ Մեծ Դժուարութեամբ Մնաց «Պունտըսլիկա»-ի Մէջ

Գերմանական անուանի ֆութպոլի ակումբներէն Համպուրկ, որ երբեք «Պունտըսլիկա»-էն զատ այլ դասակարգի մաս չէ կազմած, յաջողեցաւ բաւական մեծ դժուարութեամբ մնալ հոն, երբ Քարլսրուհէի դէմ (Ա. դասակարգ) իր կատարած փլէյ-օֆի դարձի մրցումին, իր դաշտէն դուրս 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Երկու խումբերուն միջեւ երթի մրցումը աւարտած էր 1-1 հաւասարութեամբ: Դարձի այս մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 հաւասարութեամբ: Երկարաձգման ընթացքին Միւլըր նշանակեց Համպուրկի...

Նախարար Ղազարեան Ներկայ Եղաւ Երեխաներու Օրուան Նուիրուած Մարզական Նախաձեռնութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան ներկայ գտնուեցաւ «Միքա» մարզահամալիրին մէջ կազմակերպուած եւ աւանդութիւն դարձած «Ողիմպիականները մեր շարքերուն մէջ են» նշանաբանով մարզական նախաձեռնութեան, նուիրուած` երեխաներու պաշտպանութեան օրուան, յայտնեց նախարարութեան պաշտօնական կայքը: Այս նախաձեռնութիւնը կազմակերպուեցաւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին հովանաւորութեամբ, «Ողիմպիական համերաշխութիւն» ծրագիրի շրջանակներուն մէջ, կը յայտնէ ArmSport.am: Մայրաքաղաքի 12 վարչական շրջաններու 23 նախադպրոցական ուսումնական հաստատութիւններուն մանուկները իրարու դէմ...

Թենիս. Ֆրանսայի Կրան Շլեմ.  Տիտղոսակիր Շարափովա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Թենիս. Ֆրանսայի Կրան Շլեմ. Տիտղոսակիր Շարափովա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Մարիա Շարափովա Փեթրա Քվիթովա Ֆրանսայի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, աղջկանց Դ. հանգրուանի մրցումներուն մեծագոյն անակնկալը ստեղծեց 13-րդ դասուած չեխ Լիւսի Սաֆարովա, որ 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց տիտղոսակիր եւ 2-րդ դասուած ռուս Մարիա Շարափովան: Այսպիսով, Շարափովա չկրցաւ յաջորդաբար 4-րդ անգամ ըլլալով հասնիլ աւարտականին: Այլ կարեւոր անակնկալ մը ստեղծեց Թիմէա Պաքսինզքի (Զուիցերիա,...

Պուլկարիոյ Ամէնէն Աւելի Տիտղոսակիր Ակումբը Զրկուեցաւ Արհեստավարժ Արտօնագիրէն

Պուլկարիոյ Ամէնէն Աւելի Տիտղոսակիր Ակումբը Զրկուեցաւ Արհեստավարժ Արտօնագիրէն

Իր լուրը քաղելով Պուլկարիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Պուլկարիոյ ամէնէն աւելի տիտղոսակիր ակումբը նկատուող Սոֆիայի Բանակայինները արհեստավարժ արտօնագիր չեն ստացած: Արտօնագիր չստացաւ նաեւ մայրաքաղաքի կազմը` Լոքոմոթիւ: Երկու ակումբներն ալ փորձեցին բողոքել այդ որոշումին դէմ, սակայն անոնց բողոքը չընդունուեցաւ: Այսպիսով, նկատի ունենալով, որ վերոնշեալ երկու ակումբները արհեստավարժ արտօնագիր չստացան, տեղափոխուեցան ոչ արհեստավարժ դասակարգ: Նշենք,...

«Կ՛ուզեմ Հայերուն Մասին Լաւ Համբաւ Ստեղծել Իրանի Մէջ»  Կ՛ըսէ Անդրանիկ Թէյմուրեան

«Կ՛ուզեմ Հայերուն Մասին Լաւ Համբաւ Ստեղծել Իրանի Մէջ» Կ՛ըսէ Անդրանիկ Թէյմուրեան

Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահ Անդրանիկ Թէյմուրեան յայտարարեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է կրել այդ երկրի հաւաքականին շապիկը: Անգլիական Պոլթընի նախկին ֆութպոլիստը, որ ծնած է Թեհրանի մէջ, դարձաւ Իրանի հաւաքականին առաջին քրիստոնեայ խմբապետը: «Ես ուրախ եմ, որ ըլլալով քրիստոնեայ, կը խաղամ իսլամական երկրի հաւաքականին մէջ: Ես ունիմ հայկական արմատներ, բայց իրանեան անձնագիր: Ես ատով հպարտ եմ եւ յոյսով եմ,...

Ալպանիա 50 Հազար Եւրօ Տուգանք Ստացաւ

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն 50 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկեց Ալպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը` նկատի ունենալով, որ անոր համակիրները Հայաստանի դէմ տեղի ունեցած Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ընթացքին գտնուելով անկարգապահ, ցեղապաշտական բնոյթի արտայայտութիւններ ունեցած էին եւ դաշտ նետած պայթուցիկ նիւթեր: Ալպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը սահմանուած տուգանքին դէմ ոչինչ ըսաւ, բայց շեշտեց այն, որ համակիրներուն կատարած այդ...

Պասքեթպոլ. Լիբանան 4-րդ Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեան

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի 13-րդ ախոյեանութեան, երէկ արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, այս անգամ` 79-88 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պաղեստինը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանան հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան` 4-րդ անգամ ըլլալով: Լիբանանի հետ Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ Իրաք եւ Յորդանան: Նշենք, որ մրցումները կ՛աւարտին այսօր...

Հեծելարշաւ. Լիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւնը Տեղի Ունեցաւ Մեծ Հետաքրքրութեամբ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի երիտասարդներու (1997-1998-ի ծնունդ) հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը` 2005-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով, մեծ հետաքրքրութեամբ: Անոր ազդանշանը տրուեցաւ Թապարժայէն` դէպի Թրիփոլի, ապա վերադարձ` դէպի «Քազինօ Տիւ Լիպան»: Նախքան մրցումին ազդանշանին տրուիլը, անոր մասնակցողները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին յիշատակը ողիմպիականի լիբանանցի ախոյեան Արմէն Արսլանեանի, որ հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք նախորդ շաբաթ մահացաւ Պելճիքայի մէջ: Արձանագրուեցան...

Նիքիթա Սիմոնեան` Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահի Ժամանակաւոր Պաշտօնակատար

Ռուսական մամուլը նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` Նիքոլայ Թոլսթիք, վաղաժամ հեռացաւ իր պաշտօնէն: Անոր չէ բաւած շուրջ 10 ձայն` պաշտօնը պահպանելու համար: Անոր դէմ քուէարկած է 235 անձ: ArmSport.am եզրափակեց նշելով, որ Նիքիթա Սիմոնեան նշանակուեցաւ ֆետերասիոնի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար:    

Ռոնալտօ Պատրաստ Է Հեռանալու Ռէալ Մատրիտէն

Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ պատրաստ է հեռանալու իր այժմու ակումբէն, կը յայտնէ «Տոն Պալոն» կայքը: Կը հաղորդուի, որ ան քիչ մը դժգոհ եղած է այն պատճառով, որ ակումբին նախագահը Ֆլորենթինօ Փերես, պաշտօնանկ ըրած է մարզիչ Քարլօ Անչելոթթին: Բացի ատկէ, ան քիչ մըն ալ կը նախանձի, որ Փերես աւելի կը վստահի Կալեսցի միջնապահ Կերըթ Պէյլի: Նշենք, որ Ռոնալտօ այդքան...

Թենիս. Ֆրանսայի Կրան Շլեմի Մրցաշարք. Ցոնկա Դուրս Ձգեց 4-րդ Դասուած Պերտիչը Եւ Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Ճօ-Ուիլֆրիտ Ցոնկա Ֆրանսայի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ֆրանսացի Ճօ-Ուիլֆրիտ Ցոնկա (14-րդ) ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ 6-3, 6-2, 6-7 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց 4-րդ դասուած չեխ Թոմաս Պերտիչը: Այսպիսով, Ցոնկա վերջին չորս տարուան ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով կ՛ապահովէ քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Այլ ֆրանսացի մը` Ժիլ Սիմոն (12-րդ)...

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն` Հեթրիքի Հեղինակ

Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտական մրցումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 30 մայիսին, երբ մայրաքաղաքի դաշտին` «Փարք տը Փրենս»-ի մէջ իրարու դէմ ճակատեցան Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Օքսեռ: 80 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Էտինսոն Քաւանի (65-րդ): Այսպիսով, մայրաքաղաքի կազմը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, հեթրիքով մը աւարտեց 2014-2015 տարեշրջանը տիրանալով...

Ճատրակ.  3 Հայեր Կը Մասնակցին Քազանի Միջազգային Մրցաշարքին

Ճատրակ. 3 Հայեր Կը Մասնակցին Քազանի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ երեք հայեր` կրանտմասթըրներ Զաւէն Անդրէասեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ ՖԻՏԷ-ի վարպետ Դաւիթ Շահինեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Քազանի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունենալիք ճատրակի միջազգային յուշամրցաշարքի մը` նուիրուած Նեծմեթտինովի յիշատակին: Այս 37-րդ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 1-9 յունիսին:

Պասքեթպոլ.  Լիբանան Արձանագրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Պասքեթպոլ. Լիբանան Արձանագրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Յորդանանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան, երէկ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը: Լիբանան, որ առաջին մրցումին յաղթած էր Իրաքի, նախանցեալ օր յաղթեց Յորդանանի (92-74), իսկ երէկ` Սուրիոյ (76-59): Նշենք, որ իր արձանագրած երրորդ յաղթանակին շնորհիւ Լիբանան, որ այսօր իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Պաղեստինի դէմ, արդէն իսկ ապահովեց...

Page 1224 of 1275 1 … 1,223 1,224 1,225 … 1,275

Արխիւներ