Այսօր` շաբաթ, 30 մայիսին, տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Պորուսիա Տորթմունտ եւ Վոլֆսպուրկ` Լիբանանի ժամանակացոյցով ժամը 21:00-ին:
Նշենք, որ Պորուսիա Տորթմունտի պաշտօնական կայքը երէկ հրապարակեց երկու կազմերուն հիմնական հաւանական կազմերը: Ըստ հրապարակումին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ պիտի ներկայանայ Տորթմունտի հետ, կը յայտնէ ArmSport.am:


