Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` Պունտըսլիկայի 34-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պորուսիա Տորթմունտ յաղթանակով աւարտեց տարեշրջանի իր վերջին մրցումը, երբ աւելի քան 80 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վերտըր Պրեմընը:
Տորթմունտի յաղթանակը կերտեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ սքանչելի լոպով մը պարտութեան մատնեց մրցակից կազմին բերդապահը (42-րդ):
Տորթմունտ, որ տարեշրջանը աւարտեց 7-րդ դիրքին վրայ, յառաջիկայ տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:
Մէջբերելով Մխիթարեանի արտասանած խօսքերը, ակումբին պաշտօնական կայքը յայտնեց. «Իսկապէս, որ հոյակապ խաղ մը ցուցադրեցինք: Առաջին հերթին, այդ մէկը Սեպասթիան Քելի եւ Եիւրկըն Քլոփի համար էր: Տարեշրջանին մէկ մասը վատ խաղցանք: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ակումբիս եւ մարզիչին, որոնք ինծի հաւատացին: Յոյսով եմ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին շատ աւելի լաւ արդիւնք ձեռք կը ձգենք»:
Նշենք, որ մարզիչ Քլոփի համար այս մէկը անոր վերջին մրցումը եղաւ, որովհետեւ ան կը հեռանայ խումբէն, եօթը տարի խումբին մարզիչը ըլլալէ ետք:
Համպուրկ, որ գրաւեց 16-րդ դիրքը, թէեւ անցաւ Բ. դասակարգ, սակայն պիտի մասնակցի փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն:
Փատերպորն եւ Ֆրայպուրկ անցան Բ. դասակարգ: