Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 30 մայիսին: Անոր ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Պարսելոնա եւ Աթլեթիքօ Պիլպաօ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 22:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ինչպէս ծանօթ է, Պարսելոնա այս տարեշրջանին լաւ արդիւնք կ՛արձանագրէ եւ սքանչելի առիթ մը ունի հեթրիք մը իրագործելու:
Պարսելոնա, որ արդէն իսկ հանդիսացած է Սպանիոյ ախոյեան, նաեւ ապահոված է «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր տոմսը, ուր յառաջիկայ շաբաթ կը մրցի Եուվենթուսի դէմ: