
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ դարձաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականին հասնող երկրորդ մասնակիցը: Արեւմտեան շրջանի 5-րդ մրցումին, Ուորիըրզ 104-90 արդիւնքով յաղթեց Հիուսթըն Ռոքեթցին եւ 4-1 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 26 կէտ եւ 8 ռիպաունտ:
Աւարտականին անիկա իր դէմ պիտի ունենայ Քլիվլենտ Քաւալիրզը, որ 4-0 արդիւնքով գերազանցեց Աթլանթա Հոքսին:
Նշենք, որ վերջին անգամ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ աւարտականին մասնակցած էր… 1975-ին: